Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

«Պայքար» Շաբաթաթերթը Վերստին Կը Հրատարակուի

Image may be NSFW.
Clik here to view.

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).-  Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ վերստին կը հրատարակուի Ա.Մ.Ն.  Արեւելեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրգան՝ «Պայքար»ը :

Առաջնորդող խմբագրականին մէջ կը նշուի թէ.- «Լրատու միջոցներու համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային մամուլի աճումը դիմափոխեցին աւանդական մամուլին դերը, որ միանալով նիւթական միջոցներու սղութեան՝ շրջան մը ընդհատեցին «Պայքար»ի առաքելութիւնը: Այսօր, միեւնոյն այդ համաշխարհայնացումը եւ ելեկրոնային միջոցներու աճումը լայն հորիզոն կը բանան «Պայքար»ին, վերադառնալու իր առաքելութեան եւ իր գաղափարական խօսքը հասցնելու համայն հայութեան, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: «Պայքար» այս ձեւով կու գայ փոխարինելու ոչ այլ ոեւէ օրկան, որքան՝ վերադառնալու իր իսկութեան, իր դարաւորառաքելութեան. ան լոյս պիտի տեսնէ տպագիր եւ ելետրոնային հրատարակութեամբ»:

Այս առթիւ, «Հայրենիք» կը շնորհաւորէ հայառառ թերթին վերահրատարակումը` Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս եւ յաջողութիւն կը մաղթէ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles