Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՔԱՂԱՔԱԿՐԹԱԿԱՆ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՏԱԳՆԱ՞Պ, ԹԷ՞ ԻՐ ԱՆՈՒՆԸ ՉԸՍՈՂ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

$
0
0

 

Յ. Պալեան

ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՏԵՍՆԵԼ

 

Բարութեան, ազնուութեան, սիրոյ եւ յարգանքի տօնական օր է:

Նուազ տիրացուական ըլլալով, մտածենք յաւելեալ պարտաւորութեան մասին:

Մեծ կամ փոքր երկիրներ եւ մարդիկ, եթէ իրենց գլուխը վեր հանեն անմիջական մրցակցութիւններէն եւ շահախնդրութիւններէն, առանց մեծ քաղաքագէտ ըլլալու, պարզ աչքով եւ համեստներու ողջախոհութեամբ, պիտի հաստատեն, անխտի՛ր, որ կը գտնուին ծանրակշիռ, բազմերես եւ բազմապատկուող տագնապերու մէջ:

Լրատուամիջոցները, ժողովները, մեծերու եւ նուազ մեծերու յայտարարութիւնները կը վերաբերին տագնապներու. տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, կրօնական, կենցաղային, բարքերու, համաշխարհայնացման ստեղծած անզսպելի հակասութիւններու, հակամարտութիւններու եւ հուսկ՝ ուղղակի կամ անուղղակի պատերազմական վիճակի մէջ:

Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին ստեղծուած Ազգերու Լիկան (La société des nations) արդարութեան եւ հաւասարակշռութեան կարգախօսներով հրապարակ եկաւ, բայց չկրցաւ արմատական լուծումներ գտնել մրցակցութիւններու, շահախնդրութիւններու եւ անարդարութիւններու: Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտին ստեղծուած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (Nations Unies, Մ.Ա.Կ.) աւելի դիմացաւ ժամանակի գիծին վրայ, ոչ թէ անոր համար որ աւելի արդար եւ իմաստուն էր, այլ անոր համար որ երրորդ համաշխարհային պատերազմ մը կրնար, եւ կրնայ, բնաջնջել մարդկութիւնը կամ զայն վերադարձնել իր նախնականութեան վիճակին: Այս փոխադարձ վախի զինեալ խաղաղութիւն է: Այս պատճառով ալ շարունակուող եւ սուր շրջանային հակամարտութիւններուն դիմաց, Մ.Ա.Կ.ը կատարեց եւ կը շարունակէ կատարել ՀՐՇԷՋԻ ԴԵՐ, յոռեգոյնի առաջքը առնելու համար, բայց անկարող եղաւ, եւ է, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու:

Օր մը պիտի հրապարակուի՞ն մեր ժամանակի ամէն օր սպաննուածներու թիւը, քանդուած բնակարաններու ցանկը, ապականած գետերու եւ ծովերու համեմատական պատկերը՝ անցեալին բաղդատած: Կը խօսուի կլիմայական փոփոխութեան մասին, կը քննադատուին ինքնաշարժներու արտանետած կազը եւ հանքածուխով գործող ելեքտրակայանները, բայց չի խօսուիր հրթիռներու եւ ռումբերու արտադրած ջերմութեան, թոյներուն եւ փճացումներուն մասին: Նման հրապարակում պէտք է բաղդատել երկու աշխարհամարտերուն: Այն ատեն պիտի հասկնանք, որ մոլորակը պատերազմի մէջ է, ինչ որ ճակատագրապաշտի կեցուածքով ընդունած ենք:

 

ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ԵՆ

 

Գիտական եւ արուեստի նուաճումները, ուսումնական մակարդակի բարձրացումը, մեծ մտածողներու բարձրաթռիչ գաղափարները ցարդ անկարող եղան յառաջացնելու այն պարզ իրաւունքը, որ բնութեան եւ գիտութեան բարիքները  հաւասարպէս պէտք է ծառայեն բոլորին: Այսօր յարաճուն հակամարտութիւն կայ բարիքներու եսասիրական իւրացման հետեւանքով, հարստութիւններու կուտակումով եւ թշուառութեան աճով: Ո՞ր քաղաքակիրթ մարդկութեան եւ յառաջդիմութեան մասին կարելի է խօսիլ, երբ ըմպելի ջուրէ զրկուած եւ անօթի բազմութիւններ կան, օրական մէկ տոլարով ապրողներ, երբ ուրիշներ Փարիզի կամ նիւ Եորքի յայտնի ճաշարանին մէջ մէկ շիշ գինիի համար կը վճարեն քանի մը հազար տոլար:

Այս պատճառներով մարդկային հաւաքականութիւններ արմատախիլ կ’ըլլան, գիւղերէն քաղաք, մէկ երկրէ միւսը կը խուժեն՝ ապահովութեան եւ հացի համար:  Հանրակրթութեան բացակայութիւնը եւ ուսման ճամբով յառաջացած ընտրանիներ պատճառ կ’ըլլան անհաւասարութիւնները շեշտող դասակարգային տարբերութիւններու եւ մոլեռանդութիւններու աճին, կը ծնին հակամարտութիւնները:

Այսինքն, աշխարհ աւելի քան երբեւիցէ, ՏԱԳՆԱՊՆԵՐու մէջ է: Քաղաքական իշխանութիւնները, որոնք պիտի ղեկավարէին, իրենք բռնուած են իրենց հակասութիւններուն մէջ, նաեւ հոն զարգացնելով շահագործողի եւ շահագործուածի տարբերութիւն, որ իր կարգին պայթիւնավտանգ տագնապ է:

Այս հաստատումներուն պէտք է հետեւիլ իրատեսութեամբ, առանց զայն շփոթելու շահի, լաւատեսութեան, յոռետեսութեան հետ: Պէտք է գիտնալ գլուխը վեր բարձրացնել սեփական կացութիւններու անմիջականութենէն եւ ունենալ համապարփակ տեսիլք, մարդկութեան խնայելու համար մեծ աղէտներ: ՄԵԾ ԱՂԷՏը:

Տագնապը ամենուրեք է:

Ամէն օր գործածուած բառ է ՏԱԳՆԱՊը, CRISE, CRISIS. արտադրական, փոխանակման, առեւտրական, յարաբերութիւններու, աշխատանքի, բարոյական ըմբռնումներու, կրթութեան եւ կրթական փիլիսոփայութեան (որ մանկավարժութենէ տարբեր է), դրամական, նախանիւթերու, մշակոյթներու փոխյարաբերութեան, լեզուներու բախման-անհետացման եւ ինքնութեան հարցերու: Տագնապներ կը դիմագրաւեն ժողովուրդներ, երկիրներ, համայնքներ, կուսակցութիւններ, միութիւններ: Տեսնելու համար կը բաւէ հետեւիլ զանգուածային լրատուամիջոցներուն, եւ եթէ բաւարար առարկայականութիւն ունինք՝ լսել անոնք որոնք կը գոյացնեն այն լուռ յաճախ խաբուած մեծամասնութիւնը՝ որ զոհն է տագնապներուն:

 

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԱՒԵՐՈՒՄԸ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

 

Հազուադէպօրէն կը խօսուի արժէքներու համակարգի քանդումին մասին, օրինակ՝ ընտանիքի, դաստիարակութեան (զոր պէտք է անջատել կրթութենէն): Կը խօսուի բնապահպանական տագնապի մասին, ժողովներ կը գումարուին, նոյնիսկ երբ որոշումներ կը կայացուին, շահերը կ’արգելակեն անոնց գործադրութիւնը: Մեր բոլորի եսասիրական մեղսակցութեամբ մշակութային տագնապ կայ, երբ լեզուներ կ’անհետանան: Կարծէք քաղաքակրթութիւնները խրած են տագնապի մէջ:

Ընկերվարական մտածողութիւնը խօսեցաւ դրամատիրութեան տագնապի մասին, եւ իր կարգին մտաւ դրամատիրական դրութեան մէջ: Օրին, ըսուեցաւ՝ «պետական դրամատիրութիւն»: Զարգացաւ անսանձ արշաւ, անկլօ-սաքսոն մտածողութեան հունով, յաջողելու բուռն ցանկութեամբ առաջնորդուող, որ կը բանաձեւուի «ինքզինք կերտած մարդու» պատկերով (self-made man), անարգել անհատապաշտութիւն՝ որ շատ ալ հեռու չէ Հոպպզի «մարդը մարդուն գայլն է» սահմանումէն, մրցակցութիւնը ընդունելով որպէս ընկերային առաջնահերթ արժէք: Փոխանակ տագնապներ լուծելու, յառաջացան տագնապներ, նիւթական մեծածաւալ խաղքութիւններ, տուրքէ խուսափումներ, արագ եւ կասկածելի պայմաններու մէջ հարստանալու խարդախութիւններ, ինչպէս «Փանամա Փէյփըրզ»ը, կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ Մատոֆի միլեառներու պարագան: Պետական դէմքեր, նախարարներ, դատական հետապնդումի առարկայ կ’ըլլան բայց կը վերադառնան իշխանութեան: Տագնապները մաս կը կազմեն կեանքի ընթացիկին, համակարգ՝ որուն վարժուեցաւ ընկերութիւնը:

Խորհրդային եւ ընդհանրապէս ընկերվարական բնոյթով իշխանութիւնները, շրջադարձ ունեցան դէպի նոր ազատական տնտեսական կառավարում: Այդպէս եղաւ պարագան Ֆրանսայի ընկերվարական նախագահներ Ֆրանսուա Միթերանի եւ Ֆրանսուա Հոլլանտի: Բազմաթիւ երկիրներ վերստին ընդունեցան ազատական կառավարութիւններ, միշտ խորհելով, որ տագնապները միայն տնտեսական էին, անտեսելով որ անոնք քաղաքակրթական, կրօնական, մշակութային եւ ազգային էին:

Տագնապները կը վկայեն խզումներու մասին, որոնց լուծում պէտք է գտնել: Այդ «լուծում գտնել»ը իսկական ղեկավարումի աշխատանք է, փոխանակ ընդգրկուելու պղտոր կացութիւններու մէջ դիրքեր գրաւելու եւ շահեր ապահովելու համար: Տագնապները, որ մարզին ալ պատկանին, ախտի պէս են, անոնց պատճառները պէտք է առանձնացնել եւ չեզոքացնել, ինչպէս որ կ’ընէ բժիշկը: Իսկ այդ ախտաճանաչումը եւ դարմանումը պիտի ընեն անոնք որոնք մէկ կամ միւս համակարգին մէջ գործելով չեն խաթարուած, մեծ կամ փոքրիկ երկիրներու մէջ, մեծ կամ փոքր կազմակերպութիւններու: Տագնապները կը յառաջացնեն անորոշութիւն ուր զանգուածները երբեք ճիշդ ընտրութիւն չեն կրնար ընել, կը տարուբերին, ինչպէս կը տեսնենք, անգամ մը կ’երթան աջ, անգամ մը՝ ձախ, կամ տեղի կ’ունենան ըմբոստութիւններ, որոնք նոյնպէս կը շահագործուին:

Տագնապները մաս կը կազմեն մեր առօրեային եւ շղթայ կը կազմեն: Իւրաքանչիւր ընկերութիւն կը կարծէ որ ինք առանձին պիտի լուծէ իր տագնապը եւ այդ վերաբերումը ծնունդ կու տայ նոր տագնապներու: Այնքան բազմազան են տագնապները եւ անոնց պատճառները, որ զանոնք լուծելու կոչուած ղեկավարները եւ կառոյցները կ’անճրկին եւ կը գումարուին անհատնում ժողովներ եւ կը կատարուին ուսումնասիրութիւններ: Անցեալին զինու զօրութեամբ կը փորձէին լուծել տագնապները՝ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ: Ներկայիս այդ ձեւի դարմանները մասնակի են, որոնցմէ անմիջապէս ետք կը վերսկսին տագնապները, շրջանային կամ քաղաքացիական բախումներու ծնունդ տալով:

Ճարտարարուեստականացումը դրամատիրութիւնը չառաջնորդեց մարդոց կարիքներու բաւարարման, այլ իր իսկ աճման առջեւ ճամբայ հարթեց, նպատակը եղաւ շահը: Այս իսկ պատճառով, արտադրութիւն-արտածման աճին միշտ ալ չէր կրնար հետեւիլ սպառումը, ուրկէ՝ գերարտադրութեան յառաջացուցած իրարայայաջորդ տագնապները, սնանկացումները, դրամանիշի արժեզրկումները, ծնունդ տալով գործազրկութեան, թշուառութեան եւ ընկերային տագնապներու, որոնց լուծումը կը փորձուի կարկտան միջոցներով: Յիշել 1929-էն ի վեր կրկնուող տագնապները, անոնք ներկայիս մնայուն բնոյթ ունին: Առաջին հերթին՝ տնտեսական, դրամատնային, սակարանային: Երկիրները կը տքան իրենց արտաքին պարտքի ծանրութեան տակ, նոյնիսկ հարուստ երկիրները, որոնք կը ստիպուին փոխառութիւն ընել: Միացեալ Նահանգներու պարտքը 19.000.000.000.000 տոլար է, կ’ըսեն՝ 19 թրիլիոն: Ֆրանսայի պարտքը՝ 2.160.000.000.000 եւրօ (2.160 միլեառ): Լիբանանի պարտքը՝ 70.000.000.000 տոլար (70 միլեառ): Հայաստանի պարտքը՝ 4.000.000.000 տոլար (4 միլեառ): Պարտք ունեցող երկիրներու ցուցակին առջեւ, կ’անճրկինք: Սեւ ոսկիի հանքի տէր Սէուտական Արաբիան 17 միլեառ տոլար պարտք վերցուցած է:

Ո՞վ, ինչպէ՞ս, որո՞ւ եւ ե՞րբ պիտի վճարէ այս պարտքերը: Ի՞նչ պիտի պատահի երբ պետութիւն մը յայտարարէ որ չի կրնար վճարել իր պարտքը: Հին պարտքը վճարելու համար նո՞ր պարտք պիտի ընէ, ինչպէս այդ ընել պարտաւորուեցաւ-պարտադրեցին Յունաստանի: Երկիրներու բնակիչներու խնայողութիւն-հարստութիւնը ոչ մէկ կապ ունի հասարակաց-պետական պարտքին հետ: Յոռեգոյն պարագային՝ կ’արժեզրկեն երկրի դրամանիշը, բայց պարքը կը մնայ:

 

ՏԱԳՆԱՊԸ ԲԱԶՄԵՐԵՍ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ԴԱՐՁԱԾ Է

 

Տագնապը կայ, բայց ամէնօրեայ մտահոգութիւն չէ, ընդհակառակն, պարտքերը կ’աճին: Կառավարութիւններ կը փոխուին, պարտքերը կը մնան: Կարծէք աշխարհի հաւասարակշռութիւնը կը պահուի պարտքերու մտահոգութիւն չպատճառող հաշուապահութեամբ, անընթեռնելի զերոներ աւելցնելով-պակսեցնելով: Տնտեսական, առեւտրական, տիրակալական մրցակցութիւնները կը շարունակուին, յառաջացնելով հակամարտութիւններ, որոնք կարծէք աշխարհի կարգն են, բախումներու եւ պատերազմներու ենթահողը: Պատերազմներու՝ բայց ոչ Մեծ Պատերազմի, Աշխարհամարտի, որ կրնայ վերջինը ըլլալ: Կացութիւնը կը տեւէ յաջորդական համախոհութիւններով, երկիրներու մէջ եւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկանշական բեմը Մ.Ա.Կ.ն է, ուր իրարու կը հանդիպին մրցակից եւ թշնամի:

Տագնապ կայ նաեւ մշակութային մարզի մէջ, ուր տիրապետող դարձած է «ճաշակներու եւ գոյներու մասին կարելի չէ վիճիլ» ամէն բան տափակցնող գործնապաշտութիւնը, որուն ամէնէն յատկանշականը պատերու վրայ տեսնուող վայրագ ներկերն են, զոր կը համարեն «ժողովրդական արուեստ» (pop art), նոյնը՝ երաժշտութեան պարագային: Անմիջականի եւ ուշագրաւի անվաղորդայն խաղը արուեստ չէ, կը խանգարէ արժէքները: Տնային եւ զբօսանքի առարկաները արուեստ համարել թեթեւոլիկութիւն է, եւ քաղաքակրթութիւնն իսկ կը հակասէ: Նպարավաճառային գործնապաշտութիւնը չարիք է մարդու ժամանակը յաղթելու դարաւոր հակումին, որ մշակոյթով կ’արտայայտուի:

Դրամատիրական, ճարտարարուեսատական, քաղաքական եւ մշակութային համաշխարհայնացումը արժէքներու համակարգը խանգարած են, որակաւորի եւ անորակի միջեւ մաղեր չկան, հաղորդակցական անսանձ եւ անհունօրէն մատչելի դարձած միջոցներու պատճառով եւ հազիւ տեսնուած ապա մոռցուած պատկերներով:

Խանգարում-տագնապ կայ սիրոյ մարզին մէջ, պոռնկագրութիւնը իր բոլոր ձեւերով ճարտարարուեստ է, ապակայունացնելով ընտանիքը, անոր կապուած արժէքները, անբնական կացութիւնները օրէնքի ուժով բնական դարձնելու ճիգերով, հպատակելով առեւտրական նպատակներ հետապնդող ծանուցումներու: Տագնապ կայ սիրոյ եւ ընտանիքի պարագային, շուկայականը դարձնելով բնական, երբ սէրը կը փոխարինուի բազմազան զուգաւորումներով, բոլոր ձեւերով: Քաքաքակրթական նոր ալիք, որ կը հասնի կեանքի եւ ընկերութեան բոլոր մարզերը, մարդը եւ ընկերութիւնը բանտարկելով անվաղորդայն անհատապաշտութեան մէջ, սէր-սեռը յանձնելով նաեւ մեքենային, առանց մարդկային փոխճանաչման եւ մարդկային տեսակի շարունակման մտահոգութեան: Շահը եւ սպառողականը լայն բացած են դռները այս աւերներուն առջեւ:

Ընթացքի մէ՞ջ է քաղաքակրթութիւններու անհետացումը: Եթէ նայինք մեր շուրջ, պիտի տեսնենք, թէ որքա՜ն կը բազմանան զանազան անուններով հոգեբանական հիւանդութիւնները, որքա՜ն յարգանքի պակաս կայ նմանին հանդէպ: Կենդանի պատկեր են, օրինակ, Նիւ Եորքի կամ Փարիզի շաբաթ գիշերներու «մեթրօ»ներուն մէջ պարզուած պատկերները: Դեռ պէտք է խօսիլ թմրեցուցիչներու տարածման եւ աւերին մասին, որոնց ետին կանգնած է վաճառաշահի դրամատիրական արտադրող-սպառող համակարգը:

Մարդկութիւնը բռնուած է բազմատեսակ տագնապներու ցանցին մէջ: Ինչպէ՞ս եւ ո՞ր իմաստութեամբ քաղաքակրթութիւնները եւ մշակոյթները պիտի վերընդգրկուին բնական ընթացքի մէջ, յաղթահարելով Ս. Ֆրէօյտի ինքնաքանդումի (thanatos) մղումները:

 

ՀԱԿԱ-ՏԱԳՆԱՊ «ՀԻՒՄԱՆԻՍՏ» ՄԻՏՔ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է

 

Իրաւութեամբ եւ ոչ-ցուցական-շահախնդրական մոլուցքով առաջնորդուող ղեկավարութիւն մը կը ծնի՞, մեծ եւ փոքր երկիրներու մէջ, հակա-տագնապ դիմադրութիւն մը առաջնորդելու համար:

«Հիւմանիստ»ները ընդդէմ անհատապաշտական անսանձ աւազակութեան:

Այս մեծ հարցերու արծարծումը կրնա՞յ մոռցնել մեր «փոքրիկ ածուն», Հայաստան եւ սփիւռքներ: Տարրական ողջմտութիւնը կը թելադրէ այն բարզ իմաստութիւնը, որ նախ «փոքր ածու»ները պիտի ըլլան ոտքի կոխան: Այս տագնապները պիտի կարենա՞նք դիմագրաւել մեր իւրայատուկ ապագայի հեռանկարով: Ինչպէ՞ս: Թէ՞ զոհը պիտի ըլլանք ամէնուրեք տարածուած բազմերես տագնապներուն, որոնք շեշտուած կերպով կան սփիւռքներու մէջ, նոյնիսկ երբ պատշաճեցման եւ գործնապաշտական խիստ նեղ անհատապաշտութեամբ չենք տեսներ, չենք հակազդեր, կան նաեւ Հայաստան, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային մարզերու մէջ:

Խորենացիի մեր «փոքրիկ ածու»ն պիտի կարենա՞յ կրկին պատմահօր ըսած մեծ գործերը ընել:

Վստահութիւն ներշնչող հակա«էսթէպլիշմընթ»ային ղեկավարումի հարց է, որ առաջնորդուի ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի տիրելու ձգտումով, այլ՝ յաւելեալ պարտաւորութեան:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles