Օփերայի աշխարհահռչակ երգչուհի Մոնսեռա Քապայէ (Սպանիա), վերջերս այցելած է Արցախ եւ այցելած տեղւոյն Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Յունիս 4-ին: Ան յայտնած է, թէ Արցախ ժամանած է որպէս Մ.Ա.Կ.-ի խաղաղութեան դեսպան: Աշխարհահռչակ երգչուհին շեշտած է, որ իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունի քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ ինք տեղեակ է Արցախի հարուստ քրիստոնէական անցեալին եւ բացառիկ եկեղեցիներուն մասին:
Նախագահ Սահակեան ողջունելով նշանաւոր արուեստագէտին այցելութիւնը` դիտել տուած է, որ նման անձնաւորութիւններու համագործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման:
Նշենք թէ Սպանիոյ Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոքագիր յղեց Արտաքին Գործոց նախարարութեան, Քապայէի` Արցախ կատարած այցին առթիւ: Ծանօթ երգչուհին այս այցելութեան պատճառով, Ատրպէյճանի մէջ հռչակուած է անբաղձալի անձ: