Կիրակի, Յուլիս 26-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 32-ամեակի նշումը: Հոծ բազմութիւն մը ժամանած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնք նահատակուեցան յաչս պահանջատիրութեան եւ Հայ Դատին:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիզպոնի գործողութենէն կարգ մը հատուածներ ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որուն ընթացքին բարձրախօսով հնչեցին նաեւ Լիզպոնի հերոսներուն վերջին խօսքերը, մտածումներն ու պատգամները:
Ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մետիա»-ի պատրաստութեամբ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցան Լիզպոնի գործողութիւնը ժամը ժամուն, սփիւռքի ու միջազգային անդրադարձները եւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն պատգամը` անոնց իսկ խօսքերով:
Օրուան բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատուն, որ լուսարձակի տակ առաւ Լիզպոնի հինգ տղոց գիտակից նահատակութիւնը, երբ իրենց արիւնը շաղախեցին մեր ժողովուրդի յաւերժութեան ու հայրենիքի գոյատեւման շարունակուող պայքարին` հաստատելով, որ անոնք իրենց նահատակութեամբ դարձան նոր լոյս ու յոյս, նոր աւիւն պարգեւեցին հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարին: Ան ըսաւ, որ հինգ երիտասարդ տղաքը կրնային կառչիլ իրենց անձնականին, ընտրել օտարացումի ուղին, սակայն անոնք որոշեցին քալել դէպի գագաթ, ճզմեցին իրենց եսը, արհամարհեցին նիւթը, խօսքի փոխարէն գործի լծուեցան:
Բագրատունի հաստատեց, որ վերջին հարիւրամեակի Հայ դատի հետապնդման ճամբուն զանազան հանգրուաններուն դրսեւորուած յեղափոխական աւանդներն ու ոգիին արտայայտութիւնները հիմնուած էին Հայկէն եկող ու հայութեան ազատ ինքնութեան պահպանման համար արձակուած նետին վրայ, որ կը շարունակուի նպատակասլաց կերպով ուղղուիլ մինչեւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հաստատում եւ կայացում` աւելցնելով, որ այս շղթային զօրեղ արտայայտութիւնն էր Լիզպոնի տղոց նահատակութիւնը:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Հայաստանն ու Արցախը կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տեւական սպառնալիքներուն ենթակայ, Հայաստանէն դուրս եւս սփիւռքեան տարածքին ու Միջին Արեւելքի հայատրոփ գաղութներուն մէջ թրքական սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ առկայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիա կը շարունակէ իր հայաջինջ քաղաքականութեան բանիւ եւ գործով կիրարկումը:
«Անարդարութեան դէմ յուսախաբ մարդու արդար ցասումն էր, վերընձիւղման ազդանշան, որ նոր ուժականութիւն տուաւ մեր ժողովուրդին եւ նոր հորիզոններ բացաւ Հայ Դատի հետապնդման արիւնոտ, փշոտ ու երկար ճամբուն վրայ», ըսաւ
Բագրատունի, որ նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով տեղի ունեցած տարբեր նախաձեռնութիւնները, որոնք ինքնին մէկական յաղթանակներ էին, սակայն իսկական յաղթանակին հասնելու համար կարիք կայ մարտունակ աւանդներու ամրապնդման: Ան հաստատեց, որ հայկական սահմանին հսկող զինուորը, հակաթուրք պայքարի իւրաքանչիւր դրսեւորում ներուժ եւ ապագայի տեսիլք կը ներշնչեն` թշնամիին ըսելու, որ հայութիւնը տէրն է իր դատին, իր արժէքներուն, իր իրաւունքներուն:
Տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ եկած էին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց անձնականը հաւաքականին համար զոհած օրինակելի տղոց, որոնց Լիզպոնի մէջ կատարած գործողութիւնը, ինչպէս երէկուան իր խօսքին մէջ բնութագրեց օրուան պատգամաբեր Յակոբ Բագրատունի,Ձեռնարկի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիզպոնի տղոց ընտանեկան պարագաներուն: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Վէրքերով լի»-ով:
The post Լիզպոնի Գործողութեան 32-Ամեակի Նշում appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.