ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի սահմանային կէտերու վրայ,արեւելեան շրջանի Մարտունի եւ Ասկերան սահմանին ուղղութեամբ լարուած մթնոելորտ կը տիրէ։ Ազերի բանակը շարունակ կը կրակէ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի յառաջապահ գիծը, արդէն իսկ փոխադարձած է : Այս գծով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ բանբեր Սենոր Հասրաթեան յայտնեց թէ.- «Ատրպէյճան անընդհատ կը փորձէ միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ պատերազմական գործողութիւնները դեռ չեն աւարտած, որ Ատրպէյճան մարտադաշտին վրայ տակաւին ըսելիք ունի: Արցախի պաշտպանութեան բանակը բոլոր ոտնձգութիւններուն պիտի պատասխանէ անհամարժէք եւ շատ խիստ»:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու, որոնց շնորհիւ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուցած են:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի բանակը կը տիրապետէ իրադրութեան եւ, իրավիճակի որեւէ զարգացման պարագային, պատրաստ է անհամաչափ ու պատժիչ գործողութիւններու:
The post ԱՐՑԱԽԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ… appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.