Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ …ՆԵՆԳԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

ERDOGAN

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յուլիս 17, 2015

Իսլամական կրօնքի սուրբ ամսուան` ռամատանի հերթական օրուան աւարտին մատուցուած յատուկ հիւրասիրութեան՝ իֆթարի ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան, իր երկրին մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն ներկայութեան, խօսք առնելով անգամ մը եւս սադրիչ արտայայտութիւններ եւ խեղաթիւրումներ կատարելով, հարցականի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը:
Կրկին անգամ ըլլալով ան շարունակեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ջայլամի քաղաքականութիւնն ու միեւնոյն յանկերգն է որ փոխանցեց, պատրաստակամութիւն յայտնելով թէ «…Հաստատակամ ենք 1915-ի դէպքերը ուսումնասիրելու նպատակով տարուելիք ակադեմական աշխատանքներուն համար բոլոր արխիւները բանալու»:
Այս գործընթացին քաջածանօթ անձը հաւանաբար դիւրութեամբ գուշակէ, Էրտողանի «քլիշէ» դարձած յայտարարութիւններու շարունակութիւնը, ուր ամենայն յանդգնութեամբ ան կը վերահաստատէ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ իր առաջարկը` յայտարարելով, որ Թուրքիա կը կիսէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին արձանագրուած ցաւերը:
Որքա՜ն լուռ կամ լուրջ էին այս ցաւերը: Իսկ, որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ այդ ցաւերը ճիշտ բացատրութիւններով, ակնկալութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ չստանձնուի գործադրողին կողմէ:
Դեռ աւելին, իբրեւ հուսկ բանք, Էրտողան առանց ենթագիտակցելու կը նշէ, թէ այս հարցը անտեղի կերպով կը քաղաքականացուի:
Ուրեմն ըստ Թուրքիոյ նախագահի մտորումներուն եւ հաստատումներուն տեղահանումն ու ցեղասպանութիւնը քաղաքական բնոյթ ունեցող գործունէութիւն չեն, այլ պարզապէս ընկերային կամ մշակութային հիմք ունեցող արարքներ են:
Այսպիսի անկապ «մտայղացումներ»ու եւ հաստատումներու ընդմէջէն, կարելի է լաւապէս հասկնալ թէ Էրտողան վերջերս, ինչպէ՞ս կրցած էր բազմիցս ծիծաղի առարկայ դառնալ, երբ կոչ ուղղած էր տեղացիին..գինի չխմել եւ փոխարէն խաղող ուտել:
Նմանօրինակ հիւրասիրութիւններ, ռամատանի տօնի առթիւ, կրկնուեցան իր նորակառոյց դղեակին՝ «Աք Սարայ»ի հազար ու մէկ սենեակներէն (շինարարական ստոյգ տեղագրութիւնները ցոյց կու տան թէ սենեակներուն ընդհանուր թիւը կը գերազանցէ հազար երկու հարիւրը) մէկուն մէջ, պետական զանազան հիմնարկներու եւ մարմիններու հետ, եւ հոն ալ նիւթը իր, այսինքն էրտողանի անձն ու անմիջական միջավայրն էր:
Յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, իւրայատուկ կիզակէտի նիւթ դարձաւ այդ վիթխարի դղեակին մէջ, գործածուած նոյնքան վիթխարի սեղանը…ուր զրուցելու համար յատուկ բարձրախօսի կարիքը կար:
Յամենայնդէպս, ըստ կարգ մը դէտերու բաւական ծախսալից այս իֆթարները, բաւական մը կշտացուցած են հրաւիրեալներու մեծամասնութիւնը, որոնց մէկ մասը վստահաբար առ ի յարգանս ունկնդրած են «Աք Սարայ»ի վարձակալը եւ անհամբեր՝ սպասած են հիւրասիրութեան ժամուն:
Օտար երկիրներու դեսպաններու հետ իֆթարի օրն ալ ճոխ էր հիւրասիրութիւնը…եւ նոյնքան նենգամտութիւնը:

The post ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ …ՆԵՆԳԱՄՏՈՒԹԻՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles