Այս եռոտանիին վրայ վրայ կը հանգչին պետութիւնները եւ կառավարութիւնները: Եթէ անոր ոտքերէն մին կոտրի կամ կաղայ, իշխանութիւնը կը տկարանայ, ծայր կու տան վէճեր եւ պայքարներ, կը խախտի վստահութիւնը, կը յառաջանայ անկառավարելիութիւն: Հետեւանքները կ’ըլլան բացասական:
Սահմանադրութիւնը եւ ընդհանրապէս բոլոր գրուածները, մարդիկ կը փորձեն հասկնալ եւ ընդունիլ ըստ իրենց հայեցակէտին: Ժողովրդավարութիւնը մեր նմանին մէջ մենք մեզ եւ մարդը տեսնելու սկզբունքային ցանկութիւն է: Իսկ կառավարումը այդ գրուածին եւ ցանկութեան կենսագործումն է, ներդաշնակումն է:
Հեռաւոր կամ անկարելի իտէալ մը:
Խօսքը չի վերաբերիր, ի հարկէ, մենիշխանութիւններու, բռնապետութիւններու, կամօքն Աստուծոյ գործած եւ գործող միապետութիւններու, յաճախ նաեւ քսակով ձեռք բերուած իշխանութեան եւ իրաւունքի, երբ նոյնիսկ ձեւական կերպով կը պահուին Սահմանադրութիւններ, որպէս շպար արտաքին աշխարհին ներկայացուելու համար, միամիտ կամ այդպէս համարուած զանգուածներ ոտքի քնացնելու համար: Թէեւ, միշտ այլազան շահերով, մարդիկ հանդուրժած են բռնապետութիւններու գոյութիւնը, սոսկ ծնունդի իրաւունքով իշխանութիւնը, ընկերութեան տարբեր մակարդակներուն, երբ որդին կը յաջորդէ հօրը, ընտանիքի անդամներ զիրար կը լրացնեն, եւ այդպէս շարունակ, մենատիրական կամ նաեւ ժողովրդավարական կառավարումներու պարագային, ինչ որ կը կոչուի nռpotisme, հին կամ նոր ընկերութիւններու աւատապետական դրութիւն, ընդունելի կամ ոչ դիմակներու ետին: Հայր, որդի, թոռ, եղբայր… Եւ այս՝ ոչ միայն նախնական կամ յետադէմ հաւաքականութիւններու պարագային, այլ նաեւ քաղաքակիրթ երկիրներու եւ ընկերութիւններու մէջ:
Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, կը գործեն երկու ձեւի Սահմանադրութիւններ. նախագահական կամ խորհրդարանական կառավարումով: Անգլիոյ մէջ ընդունուածը խորհրդարանական վարչաձեւն է, քանի որ թագաւորը կամ թագուհին կ’իշխեն, բայց չեն կառավարեր: Խորհրդարանական ժողովրդավարութիւններու մէջ ալ, նախագահը չի կառավարեր, ինչպէս է պարագան Գերմանիոյ, եւ Իսրայէլի, ուր նախագահը կ’ընտրուի խորհրդարանին կողմէ: Նախագահական դրութեան պարագային, ժողովուրդը ինք կ’ընտրէ նախագահը, ուղղակի քուէրարկութեամբ, ներկայացուած ծրագրի մը հիման վրայ: Այսինքն, ընտրուած նախագահը ուղղակի համաձայնագիր կը կնքէ ժողովուրդին հետ, որ զինք կ’ընտրէ ծրագիր-խոստումի հիման վրայ եւ ընտրուողը կը դառնայ իսկական գործադիր իշխանութիւն:
Այս դրութիւնը կը գործէ, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր կառավարութիւնը վարչութիւն է, քանի որ կառավարողը նախագահն է: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ, գոյութիւն ունի երկակենցաղ դրութիւն: Նախագահի նշանակումով, բայց նաեւ Խորհրդարանի յայտնած վստահութեամբ, կեանքի կը կոչուի կառավարութիւնը, որ կ’իրականացնէ նախագահի քաղաքականութիւնը: Եթէ նախագահ եւ խորհրդարան նոյն քաղաքական ընտանիքին պատկանին, կառավարումը կ’ըլլայ հեզասահ: Իսկ եթէ նախագահ եւ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը նոյն քաղաքական ընտանիքին չպատկանին, կառավարումը կը դժուարանայ, անհասկացողութիւններ կը ծնին, աւելին ալ:
Կատարեալ ձեւ չկայ: Մէկ կամ միւս ձեւի կառավարման լաւը կամ վատը կախում ունին իշխանութեան գլուխ գտնուող անհատէն(ներէն), անոր մարդկային եւ քաղաքական ստորոգելիներէն, ինչ որ յաճախ կը մոռնանք: Նոյն Սահմանադրութեամբ, կրնանք ունենալ լաւ կամ վատ կառավարողներ: Այդպէս է նաեւ մեծ ու պզտիկ կազմակերպութիւններու մէջ, անոնք ըլլան ընկերութիւններ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, թէ կրօնական միաբանութիւններ: Պատմութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ առանց Սահմանադրութեան եւ յատուկ կերպով մշակուած օրէնքներու ու կանոններու, կարելի եղած է ժողովրդային մեծ շարժումներ ղեկավարել, օրինակ Մահադմա Կանտին, որ իր ժողովուրդի ազատագրութիւնը իրականացուց, եւ Շարլ տը Կոլը, որ Ֆրանսայի Դիմադրական շարժումը մարմնաւորեց եւ երկիրը ազատագրեց: Անոնք յաջողեցան ժողովուրդի կամքը արտայայտել եւ միացնել, առանց գրուած օրէնքներու: Բարոյական հեղինակութիւն էին, ինչպէս կ’ըսուի՝ քարիզմ ունէին, որ չի բխիր օրէնքի տառէն, կանոնագրութիւններու այս կամ այն յօդուածէն:
Այս օրերուն, երկու երկիրներու մէջ, Հայաստան եւ Ֆրանսա, վիճարկում կայ Սահմանադրութիւն փոխելու հարցով: Անոնց Սահմանադրութիւններու նմանութեան հիմնական գիծը նախագահական դրութիւնն է: Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ կը գործէ խորհրդարանական դրութիւնը, ուր իշխանութիւններ իրարու կը յաջորդեն առանց ցնցումի, կողմի մը կէսէն մէկ աւելիի վստահութեան ընձեռած իրաւունքով իշխանութիւն կը կազմուի: Այդ երկիրներուն մէջ կը յարգուի ժողովուրդի կամքը, այդ կամքը յարգելու հասկացողութիւնը տիրական է: Անգլիոյ մէջ, ընդդիմութիւնը ձեւով մը մաս կը կազմէ իշխանութեան, անոր ղեկավարը վարչապետի պէս ռոճիկ կը ստանայ, կը կոչուի Նորին Վեհափառութեան հաւատարիմ ընդդիմութիւնը: 1962-էն առաջ, Ֆրանսան խորհրդարանական վարչաձեւ ունէր, իրարու կը յաջորդէին կարճատեւ կեանք ունեցող կառավարութիւններ, պատճառ դառնալով քաղաքական եւ ղեկավարման անկայունութեան: Ֆրանսայի 5-րդ Հանրապետութիւնը հաստատեց նախագահական դրութիւն, բայց ոչ ամբողջական, քանի որ կառավարութիւն կը կազմուի խորհրդարանական մեծամասնութեամբ: Նախագահներ Ֆրանսուա Միթըրանի եւ Ժագ Շիրաքի իշխանութեան օրերուն, պատահեցաւ որ նախագահի կողմը եւ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կողմը տարբեր էին, եւ կառավարումը հեզասահ չեղաւ: Պարանի երկու ծայրի մարդիկ դէպի իրենց կը քաշեն պարանը, լուռ կամ բացորոշ ձգտուած կացութիւններ կը ստեղծուին:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահական դրութիւնները կը տարբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահական դրութենէն, որ վարչապետ չունի, գործադիր իշխանութիւնը ուղղակի քուէարկութեամբ ընտրուած նախագահն է, որուն կառավարութիւնը արդէն կը կոչուի, ինչպէս ըսինք՝ Վարչութիւն, որ խորհրդարան (Ներկայացուցիչներ պալատ կամ Ծերակոյտ) չի ներկայանար իր ծրագրով, վստահութեան քուէ ստանալու համար, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւր նախարարի նշանակումը կ’անցնի Ներկացուցչական Տան յատուկ յանձնախումբի բովէն, ճշդելու համար վստահելիութիւնը:
Ֆրանսայի մէջ արդէն կը խօսուի 6-րդ Հանրապետութիւն ստեղծելու համար նոր սահմանադրութեան մասին, հրաւիրելու համար Սահմանադիր նոր ժողով: Երկու պարագաներուն ալ կը մտածուի խորհրդարանական վարչաձեւի որդեգրման մասին:
Խորհրդարանական դրութիւնը հեզասահ կերպով կը գործէ Գերմանիոյ մէջ, ուր խորհրդարանական ամբողջական կամ յարաբերական մեծամասնութեան շուրջ կը կազմուի կառավարութիւնը: Ֆրանսայի մէջ, չորրորդ հանրապետութեան շրջանին, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած էին բազմաթիւ կուսակցութիւններ, համաձայնութեամբ գոյացած կառավարութիւնները, քանի մը կուսակցութիւններու համախմբումով, փխրուն մեծամասնութեան մը կը կռթնէին, որ ամենափոքր պատճառով կրնար պառակտուիլ-, կը պառակտուէր: Եւ կառավարութիւններ իրարու կը յաջորդէին, յաճախ կարճատեւ կեանք կ’ունենային:
Հայաստանի նախագահական վարչաձեւը ֆրանսականի կը նմանի, կառավարութեան անդամները պաշտօնակատարներ են: Եթէ Սահմանադրութիւնը հաստատէ խորհրդարանական վարչաձեւ, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, մէկ կուսակցութիւն առանձին կամ իր դաշնակիցները, իրենց ընտրած վարչապետին միջոցաւ պիտի կառավարեն երկիրը, այսինքն կուսակցութեան մը ծրագիրը եւ որոշումները պիտի արտացոլան կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն մէջ: Նախագահը պիտի չունենայ այսօրուան գլխաւոր գործադիրի հանգամանք:
Ցարդ նախագահը կը կառավարէր,- Ֆրանսա եւ Հայաստան,- անհասկացողութեան պարագային կրնար լուծել խորհրդարանը: Եթէ սահմանադրութիւնիը փոխուի, այդ իրաւունքը պիտի պատկանի խորհրդարանին եւ նախագահը որպէս Սահմանադրութեան պահակ պիտի հրաւիրէ ժողովուրդը ընտրելու նոր խորհրդարան:
Ֆրանսայի եւ Հայաստանի մէջ ընթացող գաղափարները նոր Սահմանադրութիւն մշակելու եւ ընդունելու խորհրդարանական վարչաձեւ, նոյն պատճառները չունին: Ներկայիս գործող սահմանադրութիւններով, երկու երկիրներու նախագահները շատ լայն իրաւասութիւններ ունին: Օրինակ, արտաքին քաղաքականութիւնը իրենց մենաշնորհեալ մարզն է, բանակի ընդհանուր հրամանատարը իրենք են, խորհրդարանի կամքին հակառակ, առանց անոր վաւերացման, հրամանագրերով կրնան կառավարել: Իրենց նախագահական հինգ տարիներու ընթացքին, ոչ ոքի հաշուետու են: Միացեալ նահանգներու նախագահը կը հակակշռուի Ծերակոյտով, Ներկայացուցիչներու Տունով եւ Գերագոյն Ատեանով: Նախագահը չի կրնար լուծել Ներկայացուցչներու տունը եւ Ծերակոյտը, որոնց վաւերացման պարտի ենթարկել իր որոշումները, եւ հարկ եղած պարագային՝ բանակցիլ: Նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանին տեղի ունեցող խորհրդարանական կամ ծերակոյտի լրացուցիչ ընտրութիւնները կ’արտայայտեն հանրային կարծիքի դիրքորոշումը նախագահի վրած քաղաքականութեան նկատմամբ, գնահատում կամ զգուշացում: Ֆրանսայի մէջ անպատեհ կացութիւններ ստեղծուեցան, երբ նախագահներ ծանր հիւանդ էին եւ շարունակեցին մնալ իշխանութեան գլուխ, ինչ որ գործադիրի տկարացում էր: Պատահեցաւ նաեւ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ նախագահը պատկանին տարբեր կուսակցութիւններու, եւ իշխանութեան տագնապ ստեղծուեցաւ, ժողովուրդին կողմէ տրուած օրինաւորութիւնը, անգամ մը աջ անգամ մը ձախ, հակադրութեան պատճառ դարձաւ (Միթերան-Շիրաք, Շիրաք-Ժոսփէն):
Հայաստանի մէջ նման կացութիւն չստեղծուցաւ, քանի որ նախագահը եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը տարբեր չէին: Իսկ հիմա, երբ նման բարդութեան դիմակայում չկայ, ինչո՞ւ պէտք է հրաժարիլ նախագահական վարչաձեւէն: Այս հարցման պատասխանը յստակօրէն պէտք է բացատրուի ժողովուրդին, զայն քուէատուփ տանելէ առաջ: Հաւանօրէն շատեր կողմնակից պիտի ըլլան խորհրդարանական վարչաձեւին, բայց ոչ նոյն դրդապատճառներով, որոնց մասին պէտք է խօսիլ իմաստութեամբ, ունենալ սրտբաց վիճարկում, առանց կանխակալ վերաբերումներու: Մի՞թէ միտք բանին այն է, որ ներկայ իշխանութիւնը կազմող կուսակցութիւնը, նախագահ եւ խորհրդարան, կ’ուզէ նոր նախագահի իրաւասութիւնները սահմանափակել, եւ երկիրը կառավարել կուսակցութեան ընտրանքներով, ով որ ալ ըլլայ նախագահը:
Խորհրդարանական վարչաձեւը հաւանօրէն օգտակար է, նկատի ունենալով որ խորհրդարանը, իր զանազանութեամբ, կ’արտայայտէ ժողովուրդի կամքի երանգները: Սակայն ֆրանսական չորրորդ հանրապետութեան օրինակը միշտ ի մտի պէտք է ունեալ, երբ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կը փոխուէր ըստ կնքուող միջկուսակցական համաձայնութիւններու, եւ նոր կառավարութիւն կը ստեղծուէր, կարճ կամ երկար կեանքով, եւ այդ կեանքը կախում չունէր ընտրութենէն առաջ ժողովուրդի հաւանութեան նախապէս ներկայացուած ծրագրէ մը:
Ամերիկա, Գերմանիա եւ Անգլիա յաջողած են քաղաքակիրթ ժողովրդավարութեան պայմաններով կայունութիւն ստեղծել, խորհրդարանները ընդունուած կարգով իրենց շրջանները կ’աւարտեն եւ յաջորդող չորս կամ հինգ տարիներուն ընտրական հարցեր կամ իշխանութեան փոփոխութեան պայքարներ չեն ըլլար:
Թող թոյլ տրուի ըսել, որ Ֆրանսայի հանրային կարծիքը այնքան արագ կը փոխուի, որ լաւատես պէտք է ըլլալ ենթադրելու, որ խորհրդարանական վարչաձեւը կայունութիւն կը ստեղծէ, եւ կրնայ ըլլալ որ կրկնուին չորրորդ հանրապետութեան մէջ տեսնուած հազիւ կազմուած հրաժարած-հրաժարեցուած կառավարութիւններու դիպաշարները, երբ կարելի կ’ըլլայ փոքրամասնութիւնները գումարելով իշխանութիւն ստեղծել, մեծամասնութիւն մը՝ որ նուազագոյն պատճառ-պատրուակով կրնայ տարտղնուիլ:
Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական վարչաձեւ ստեղծուի, որ անկայունութեան դիպաշարը հոն ալ ստեղծուի: Իսկ մնայուն կերպով պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող երկրի մը համար, վասն հաշիւներու կամ անորոշ սկզբունքներու, ներելի պիտի չըլլայ ընդառաջ երթալ անկայունութեան, առիթ տալով որ կիրքերը դիւրութեամբ հրահրուին: Միամիտ չըլլանք. Հայաստանը ոչ Անգլիա է, ոչ Գերմանիա, ոչ Զուիցերիա: Ժողովրդավարութիւնը դեռ ամուր հիմեր չունի, ան ազգային մշակոյթ չէ:
Եթէ աչքի առաջ ունենանք վերանկախացումէն ի վեր տեղի ունեցած վերիվայրումները, վերաբերումները, ծայրայեղութիւնները, կրնանք աւելի դիւրին համոզուիլ, որ անհրաժեշտ է իշխանութիւնը մարմնաւորող անձ մը ունենալ, առաջքը առնելու համար տարտղնումի:
Այս վիճարկումը պէտք է յառաջացնել իմաստութեամբ, առանց կիրքի, լուսաբանել ժողովուրդը, զայն դուրս բերելով դասական կողմերու պատկանելու ամլացնող վիճակներէ: Այսինքն, Սահմանադրութիւնը մշակել եւ ընտրել ոչ միայն անմիջական ներկայի մտմտուքով, մանրիկ կողմնակալ շահեր հետապնդելով, այլ Հայաստանի ասօրուան եւ վաղուան պատկերացումով:
Եւ ի հարկէ կայ ժողովրդավարութեան հիմնական հարցականը. կէսէն մէկ աւելին իշխանութիւն կ’ըլլայ եւ կը ղեկավարէ, իսկ ընդունելի՞ է կէսէն մէկ պակասի բացակայութիւնը նոյն այդ իշխանութենէն:
Պէտք է կրկնել, որ ժողովրդավարութիւնը կողմնապաշտութիւն չէ, հանրօգուտ ըլլալու համար ան պէտք է վերածուի իսկական ժողովրդական մշակոյթի, յաւելեալ պարտաւորութեան պարզ սկզբունքով:
Թերեւս իտէալ կառավարման ձեւ չէ իշխանութիւնը: Բայց ինչպէս Անգլիոյ հզօր վարչապետը Ուինսթըն Չըրչիլ ըսած էր, ան նուազագոյն վատն է: Ին չ որ ենթադրել կու տայ որ մարդն է աղբիւրը օրէնքին, իր ներշնչած վստահութեամբ, հեղինակութեամբ, որոնք ճապկումներ չեն, այլ ինչպէս ըսինք՝ քարիզմ, Հայաստան կ’ըսեն՝ խարիզմա…
The post ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԿԱՌԱՎԱՐՈՒՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.