ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յուլիս 7, 2015
Ի՞նչ պատահեցաւ Յուլիս 6-ի առաւօտեան Երեւանի Բաղրամեան պողոտային շուրջ: Արագ ակնարկ մը նետելով անցուդարձերուն, կարելի է յանգիլ եզրակացութիւններու, որոնք հաւանաբար կարգ մը դէտերու համար անակնկալ նկատուին: Այսպէս, ոստիկաններ ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները:
Առաջին հերթին, այդ «Դամոկլեան Սուր»ի սպասուած մթնոլորտը չստեղծուեցաւ: Ընդհանուր առմամբ, ոչ ոք յաղթական կամ պարտեալ դուրս եկաւ:
Սակայն այս հաստատումը կատարելով, կարելի չէ եզրակացնել եւ ամէն բան վարդագոյն տեսնել կամ ըմբոշխնել:
Յաղթական էր ոստիկանութիւնը, որ ամենայն ճկունութեամբ կրցաւ «ազատագրել» Բաղրամեան պողոտան: Եւ այս գծով, յիշատակելի էր «թայմինկ»ն ու համեմատաբար խաղաղ միջոցներով կատարուած գործողութիւնը:
Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները:
Միջամտութիւնը պատահեցաւ այնպիսի ժամանակ, երբ համեմատաբար ներկաներուն թիւը նօսրացած էր…քայլ առ քայլ անցարգել եւ պատնէշներ ծառայող աղբամանները յառաջացնելու որոշուած ժամէն շատ առաջ:
Որքա՜ն օրերը կ՛անցնէին, այդքա՜ն կը դժուարանար այդ ամբոխին ներկայութիւնը, անոր վայելած ժողովրդականութիւնն ու միասնականութիւնը:
Սակայն, առանց որեւէ տատամսումի, միեւնոյն ժամանակ յաղթական էր, ընդհանրապէս երիտասարդներով ղեկավարուած «Ո՛չ Թալանին», «Մենք Ենք Տէրը Մեր Երկրին» ամբոխը, որ գրեթէ երկու շաբաթ կրցաւ իր վրայ կեդրոնացնել ո՛չ թէ միայն հայորդին, այլ ընդհանրապէս Աշխարհը, եւ անշուշտ ամենակարեւորը՝ խոյս տալով ապաքարոզչական ոտնձգութիւններուն, որոնք կը փորձէին Արեւելք ընդդէմ Արեւմուտք, Եւրոմիութիւն ընդդէմ Եւրասիական Միութիւն պայքար մը տեսնել եւ «ուքրայինացնել» հաւաքը, զայն «Մայտան»ին բաղդատելով:
Յատկապէս առաջին օրերու կատարուած բիրտ միջոցառումներէն ետք, ոստիկանութիւնը պողոտան բանալու որոշման օրը բարձրախօսով յանձնարարած էր որ «Բաղրամեան» պողոտայի գեղեցիկ տեսքը վերահաստատուի: Բնականաբար պատահեցաւ ընդդիմութիւն եւ քաշքշուք, սակայն հայրենի քաղաքացին վերահաստատեց «Բաղրամեան» պողոտայի մաքուր ու գեղեցիկ տեսքը:
Այսպէս ելեկտրականացած մթնոլորտը ընդհատուեցաւ Բաղրամեան փողոցին շուրջ, սակայն ո՛չ ելեկտրականութիւնը, իսկ սա՞կը…ցարդ կը մնայ ամփոփոխ:
Ամենադոյզն փո՞րձ մը վերստին թանկացնելու, բնականաբար դեռ թարմ…Յունիս 23, 2015-ի պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ, սակայն այդ պարագային ոստիկանութիւնը մե՜ծ դժուարութիւններու առջեւ պիտի գտնուի, առանց ո՛չ մէկ «քիթ արիւնելու», կացութեան տէրը դառնալու:
The post ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆԱՑԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ԸՆԴՀԱՏՈ՞ՒՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.