Ստորեւ, յապաւումով լոյս կþընծայենք հարցազրոյց մը, կատարուած Պոլսոյ մէջ, տեղւոյն «Ակօս»ի աշխատակից Լորա Սարըյի կողմէ, տեղւոյն դասական երաժշտութեան փառատօնին առթիւ ժամանած հայ երաժշտութեան մերօրեայ մեծագոյն յօրինող Տիգրան Մանսուրեանի հետ։ Նշենք թէ, այս փառատօնի շարքին էր Պոլսոյ Գումգաբու շրջանի ,Սուրբ Որդւոցե եկեղեցւոյ մէջ, Յունիս 10-ին տեղի ունեցած ձեռնարկը, ուր կատարուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի պատրաստած ,Եկեղեցւոյ համանուագ՝ Վիոլայի եւ դաշնակի.- Ի յիշատակ Կոմիտաս Վարդապետիե (Sonata da Chiesa for Viola and Piano: In Memoriam Komitas Vardapet): Ունկնդիրներուն համար, իւրայատուկ էր այս երեկոն, մանաւանդ որ Քիմ Քաշքաշեան կրցած էր հարազատութեամբ ներկայացնել Մանսուրեանի այս կոթողային գործը:
Հ.- Տիգրան Մանսուրեան ո՞վ է, իր իսկ բառերով։ Ի՞նչ կ’ընէ, ինչպէ՞ս է իր կեանքը Երեւանի մէջ։
Պ.- Երաժիշտ եմ։ Այս է իմ ուսումս։ Չորս տարի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան ուսումնարան, այնուհետեւ հինգ տարի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց եւ այնուհետեւ երկու տարի ասպիրանտուրա։ Ես ուսանած եմ միայն Երեւանի մէջ, բայց իմ ընկերներս ամբողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին էին։ Խորհրդային Միութեան ժամանակ ինծի արգիլուած էր երկրէն դուրս ելլել։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ ես ամէն տեղ կþերթամ եւ ինծի կը պատուիրեն, կը գրեմ, կը նուագեն, ես ներկայ կը գտնուիմ, կը հրատարակուիմ խտասալիկի վրայ։ Կ’ապրիմ Երեւանի մէջ։
Հ.- Վաթսունականներուն Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու արգելքը միայն ձե՞զ կը վերաբերէր, թէ՞ ընդհանուր արգելք մըն էր եւ ինչո՞ւ։
Պ.- Չեմ գիտեր… Կապ ունէր անոր հետ, որ ես գաղափարապէս Սովետներուն կողմը չէի։ Կը դասակարգէին մարդոց, եւ կար խմբաւորում մը, որուն արգիլուած էր դուրս գալ երկրէն։ Փարաճանովն ալ նոյնն էր, մենք շատ լաւ ընկերներ էինք իրար հետ։
Հ.- Ուրեմն ձեր ընտանիքը Օսմանեան Կայսրութենէն է։
Պ.- 1947ին Պէյրութէն ներգաղթած ընտանիքի զաւակ եմ։ Մայրս Մարաշցի է, պապաս Տիգրանակերտցի։ Ջարդէն ետք որբանոցներու մէջ իրար հանդիպած են։ Ընտանիք կազմած են Պէյրութի մէջ։ Մամաս շատ յամառ էր, անոր համար կը սիրեմ մարաշցիներուն յամառութիւնը, ես ալ քիչ մը անկէ ունիմ։
Հ.- Թուրքիա գալու վերաբերեալ ինչպէ՞ս կը զգաք։ Ձեր առաջի՞ն անգամն է, որ կը գտնուիք այստեղ։
Պ.- Այստեղ մէկ ժամէն միւսը կ’անցնիմ։ Դժուար է, մէկ շաբաթ պիտի տեւէ։ Եւ յետոյ պիտի երթամ Երեւան, եւ այս ամբողջին մասին պիտի մտածեմ, թէ ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ ապրեցայ։ Պատկերներ կան աչքիս առաջ անսովոր։ Երբ մենք որեւէ տեղ թրքական դրօշ կը տեսնենք, մենք ատկէ միայն կը վախնայինք։ Հիմա լեփ լեցուն է չորս կողմս, եւ պէտք չէ վախնամ։ Ասիկա նոր բան մըն է։
Հ.- Ի՞նչ տեսակ բան է շարժանկարի համար երաժշտութիւն գրելը։
Պ.- Բոլորովին տարբեր բան մըն է։ Ամէն անգամ, որ շարժանկարի մը համար երաժշտութիւն կը գրեմ, պէտք է իմ գիծս փոխեմ, ուրիշ գիծ մը մտնեմ, այնտեղ աշխատիմ եւ յետոյ նորէն վերադառնամ։ Դժուար է այդ գիծը փոխել։ Ժապաւէնէ ժապաւէն ուրիշ մէկն եմ։ «Նռան գոյն»ին մէջ ես մէկն եմ, եւ «Կտոր մը Երկինք»ին մէջ ամբողջովին ուրիշ մէկն եմ։ Ես հարիւրէ աւելի ժապաւէններ ըրած եմ եւ շատ յաճախ պէտք է փոխուիմ, բայց իմ երաժշտութիւնս, որ ես կþընեմ, նոյնն է, տարիներէ ի վեր։
Հ.- Ուրեմն ինչէ՞ն կը ներշնչուիք, ինչպէ՞ս կ’աշխատիք։ Ի՞նչ մտիկ կ’ընէք։
Պ.- Ճշմարտութիւն մը կայ, որ գիտես։ Քու գործդ եւ քու ճշմարտութիւնդ պէտք է իրար գտնեն, ատիկա պէտք է ճիշդ ըլլայ։ Եթէ պզտիկ ճիշդ մըն է, նեղ կը մնայ։ Ես կը սիրեմ հայ երաժշտութիւնը, կը հաւատամ որ շատ հին մշակութային արժէքներ ունինք, շատ հին, որ մեզի հետ կþապրին մինչեւ հիմա։ Օրինակի համար, աղօթքը, ,Անկանիմ առաջի քո…ե, ասիկա հինգերորդ դարէն կու գայ, եւ ես 1500 տարին մէկ երգով կþանցնիմ, մէկ վայրկեանի մէջ։ Ետ կþերթամ այդքան տարի եւ ետ կու գամ։ Այս ճամբան իմ հարստութիւնս է։
Հ.- Քիմ Քաշքաշեանի հետ հայերէն հաւաքածոյին մէջ երկու յօրինում ունիք, եւ անշուշտ Կոմիտասի գործերը։
Պ.- Հաւիկը կայ այդ հաւաքածոյին մէջ, Հաւիկը տասերորդ դար է, Նարեկացի է այդ տաղը, Կոմիտաս երգած է 1911 թուին Փարիզի մէջ։ Ինքը իր աշխատանքներուն մէջ երեք անգամ ձայնագրած նոթագրած է ասիկա, եւրոպական նոթագրութեամբ, եւ մէկ անգամ ալ երգած է, ուրեմն շատ հետաքրքրական է իր երգելը ինծի համար, ուրեմն իր երգելու ձեւը, նորէն գրեցի, ոչ թէ իր նոթաները, այլ ինչ որ կþերգէ ինքը, որոշ տարբերութիւն կայ, եւ անիկա ջութակի համար եւ հարուածային գործիքներու համար։ Չէ՞ որ Նարեկացին Վանայ Լիճի ափին, Նարեկայ գիւղին մէջ ապրած է, այնտեղի հոգեւորականն էր, ուրեմն ես մտածեցի թէ ինչ ձայներ կրնար ինքը լսած ըլլալ, տասերորդ դարուն Վանայ Լիճի ափերուն, Նարեկայ գիւղի մէջ։ Այդ ձայները փորձած եմ իբրեւ օրուան ձայն մէջբերել այդ մեղեդիին հետ։
Ես կը հաւատամ, որ երաժիշտի մը ամէնէն մեծ ուսուցիչը լեզուն է, որով կը խօսի։ Եւ ատիկա որպէս հնչիւնաբանութիւն, իբրեւ ֆօնեթիքա, ի՞նչ է։ Շեշտերը ինչպէ՞ս կ’ըլլան։ Եթէ հայերէն են քու խօսքերդ, կու գան բաներ, որ միայն այդ լեզուէն կրնան գալ երաժշտութեան մէջ, դուն կը դառնաս ,հայոց լեզուի երաժիշտըե, ես հայոց լեզուի երաժիշտ մըն եմ։
Հ.- Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, թէ երաժշտութիւնը կապուած է լեզուին, եւ ուրեմն ինքնութեան եւս, քանի որ Թուրքիան բազմազգի երկիր մըն է, ուրեմն այս վէճը միշտ կայ այստեղ։
Պ.- Անշուշտ կրնանք կողմնորոշուիլ, կրնանք ըսել, որ եթէ հայոց լեզուէն կու գաս, քու երաժշտութիւնդ այսպէս կþըլլայ, եւ ասիկա վիճելու բան մը չէ, այլեւս դուն դո՛ւն ես, քու ճիշդդ ես, դուն ունիս քու դէմքդ։ Բայց անշուշտ միայն լեզուն չէ։ Նաեւ քու մարմինիդ շարժումներն են, թէ ո՞ւր կ’ապրիս։ Եթէ ապրած տեղդ լեռնային է, դուն կը շարժիս քու քայլերուդ համապատասխան, վեր-վար, այսպէս։ Երբ որ դուն օրինակի համար կ’ապրիս տափակ տեղ մը, ուր անապատ է, ուր միշտ նոյն պատկերն է, ժամ մը յետոյ նոյն պատկերն է, քու ուղեղդ ուրիշ նիւթով կ՝ապրի, երբ որ կը քալես։ Ծառ մը կը տեսնես, յետոյ ուրիշ բան մը կþըլլայ, յետոյ ուրիշ բան մը, քու ուղեղդ արագ կ’աշխատի, նոր բաներ կը մտնէ։ Ուղեղիդ աշխատանքը կը փոխուի, արագութիւն կ’առնէ, ասիկա նիւթի փոփոխութիւն է, ասիկա անպայման կը մտնէ երաժշտութեան մէջ։ Կշռոյթն է բնաշխարհին, ուրեմն լեզուէն զատ նաեւ բնաշխարհն է, որ կ’ազդէ երաժշտութեան վրայ։
Հ.- Դասական երաժշտութեան ներկան եւ ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք։
Պ.- Երաժշտական արուեստը կրնայ տարբեր մարդկային պահանջներ բաւարարել։ Տարբեր աստիճանի բաւարարուածութիւն տալ։ Գիտես Աստուածաշունչի մէջ Գիրք Ժողովողի գլուխը կայ, ,Էկլէզիասթեի գլուխը, կ՝ըսէ,- ,շատ իմաստութիւն ժողվելը շատ տխրութիւն կու տայե, երբեմն մարդը չուզէր այդ շատը գիտնայ, որ այդ շատ տխրութիւնը չունենայ, հասկնալի է, ուրեմն կþերթայ այն երաժշտութեանը որը հեշտ է։ Պեթհովէնը օրինակի համար արտակարգ է… մենք հիմա կը շնչենք, հըըը… հըըը… ասիկա կշռոյթ մըն է, ամէնօրեայ կշռոյթ է, մեր կեանքի սկիզբէն մինչեւ վերջը, շնչել, արտաշնչել, ասիկա մէկ։
Դուն կը շարժիս, երբեմն արագ կը քալես, երբեմն դանդաղ կը քալես, ասիկա ուրիշ կշռոյթ մըն է, ու այնպէս շարունակ մեծ կշռոյթներու մէջ ենք, կը փորձես բերել երաժշտութիւն, երբ որ միայն մէկ կամ երկու կշռոյթը կը բերես միայն, այո մարդու պահանջը որոշ չափով կը գոհացնես։ Հիմա այնպէս է, որ պարզ բան մը ըսէ, որ ես քեզի տեսնեմ, եւ այդքան մը լաւ է, յետոյ ուրիշ մը կը տեսնեմ, յետոյ շուտով կը փոխուի։ Ուրիշ կեանք մըն է։
Երբ որ ամէն ինչ վար կ’իջեցնես պարզ ապրիլ ուզող մարդուն համար, այն ժամանակ կը տեսնես, որ երաժշտութիւնը ոչ միայն դասականէն կը հեռանայ, կու գայ շատ աւելի պարզ բաներու։
Կը կարդամ, թէ եկող հարիւրամեակին պէտք է որ պետութիւնները վերանան։ Դասական երաժշտութեան դաշտն ալ կը մեծնայ, երբ մարդիկ աւելի գիտակից ըլլան։
Որովհետեւ, նախ եւ առաջ հիմա կարողութիւնը ունինք շատ աւելի մեծ քանակութեամբ դասական երաժշտութեան ընտրանիի մը հասնելու, այս դարուն կրնանք հասնիլ շատ աւելի դասական երաժշտութեան, քան նախորդ դարերուն։
Հ.- Ձեզի համար կ’ըսեն, թէ դուք մեծագոյն հայ յօրինողն էք, ի՞նչ կ’ըսէք։
Պ.- Կ’ըսեն։ Ես աւելի մեծեր ճանչցած եմ, կը ցաւիմ որ իրենք այլեւս չկան, ես մնացի… Ձեւով մը։ Բայց ինծի համար, իրենք են մեծը։
Հ.- Փառատօնին մասին բան մը կ’ուզէ՞ք աւելցնել։
Պ.- Ուրախ եմ, որ ինծի առիթ մը տուին Պոլիս գալու, առիթ տուին, որ Քիմ Քաշքաշեանին հետ հոս գանք։ Երկու հայ, հարիւրամեակի տարին։ Ուրախ եմ որ գործ մը գրեցի նուիրուած Կոմիտասին։ Եւ ուրախ եմ որ այս գործը պիտի հնչէ հոս, ուր Կոմիտաս ապրած է իր վերջին ստեղծագործական տարիները։
Հ.- Բան մը կ’ուզէ՞ք ըսել Քիմ Քաշքաշեանի մասին։
Պ.- 1993 թուականէն ի վեր, 22 տարի է, որ կ’աշխատինք իրար հետ։
Մեծ երաժիշտ է, մեծ հայ է ինծի համար, լաւ բարեկամս է, եթէ աւելի շատ խօսիմ, պիտի խօսիմ այն մասին, թէ ինչքա՜ն կը սիրեմ իրեն։
Հ.- Վերջինը ըլլալով, կրնա՞ք մէկական բառով բնութագրել այս երեք հայ երաժիշտները։ Կոմիտաս, Խաչատուրեան, Տիգրան Համասեան:
Պ.- Կոմիտաս պապան է։ Բոլորիս։ Ինչ որ կար այնտեղէն բերաւ դրաւ սեղանին, ըսաւ, ,ահա աս ենք մենքե, եւ ամբողջ աշխարհ տեսաւ։
Արամ Խաչատուրեան եկաւ ըսելու, որ մէկ ու կէս միլիոն կորսնցուցինք, բայց մենք կանք։ Եւ այնպէս ձայնով մը ըսաւ աշխարհին, որ աշխարհ լսեց, եւ իրեն ճանչցաւ, եւ ճանչցաւ հայ երաժշտութիւնը։
Տիգրան Համասեան, անուշ երաժիշտ մըն է, որ երբ կ’երգէ, ես կ’երթամ երկիր, Հայաստան կը մտնեմ։ Ինքը հարուստ յիշողութիւն ունեցող մէկն է, տղայ մըն է, որ ինչպէս կ’ըլլայ այդպէս յիշողութիւն մը կ’ունենայ։ Ինչ միջոցներով որ կը խօսի, ինքը տունի տղան է, միջոցը երկրորդային է իրեն համար, դաշնամուր կամ ուրիշ բան կրնայ ըլլալ, առաջինը այն է, որ ինքը այդ տունին տղան է, այդ հողին տղան է։
The post «ԵՍ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ, ՈՐ ԵՐԱԺԻՇՏԻ ՄԸ ԱՄԷՆԷՆ ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ԼԵԶՈՒՆ Է», ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՀԱՅ ԵՐԳԱՀԱՆ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.