Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՏԻԹ­ՐՈՅԹ.- ԱՒԵ­ԼԻ ՔԱՆ ՀԱ­ՐԻՒՐ ՀԱ­ՅՈՐ­ԴԻ­ՆԵՐ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑԵ­ՑԱՆ Հ.Օ.Մ.- Ի WALK ARMENIA ՔԱՅ­ԼԱՐ­ՇԱ­ՒԻՆ

$
0
0

Walk Armenia 7  Կի­րա­կի, Յու­նիս 2-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Օ.Մ.-ի Տիթ­րոյ­թի հինգ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն` “Մա­րօ“, “Սի­պիլ“, “Զա­պէլ“, “Ցո­լիկ“ եւ “Շա­քէ“, տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­կան դրու­թեամբ կազ­մա­կերպ­ուած WALK ARMENIA քայ­լար­շա­ւը, Ռո­յըլ Օքի շրջա­նէն ներս: Աւե­լի քան հա­րիւր հա­յոր­դի­ներ, եռա­գոյն դրօ­շը պար­զած մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին: Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Սուրբ Սար­գիս Հայ Առա­քե­լա­կան եկե­ղե­ցւոյ հո­վիւ, Հայր Հրանդ Գէ­որգ­եան եւ Սուրբ Վար­դան Հայ Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղե­ցւոյ հովիւ Հայր Ան­տոն Ադամ­եան:Walk Armenia 2

Այս առ­թիւ խօսք առաւ հիմ­նար­կի նա­խա­գահ Շա­քէ Պաս­մաճ­եան: Ապա երգ­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լեր­գը, որ­մէ ետք ազ­դան­շա­նը տրուե­ցաւ քայ­լար­շա­ւին: Օտար ան­ցորդ­ներ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան այս քայ­լար­շա­ւին:Walk Armenia 1

Գո­յա­ցած գու­մա­րը տրա­մադր­ուե­ցաւ Հ.Ե.Դ. Քէմփ Հա­յաս­տա­նին, Օք­լա­հո­մա­յի մրրի­կի զո­հե­րուն` Ա.Մ.Ն. “Կար­միր Խաչ“ի ճամ­բով եւ Հ.Օ.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Armenia Fund հիմ­նար­կին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles