Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Դէպի Ու՞ր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը

$
0
0

2

 

Կարօ Արմենեան
Յունիս 23, 2015
Երեւան

Թուրքիոյ մէջ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու սկզբնական ճիգերը արդէն իսկ կը բախին լուրջ խոչընդոտներու ամէն օր աւելի սրելով Թուրքիոյ ներքին ճակատի կուտակուող հարցականները։
Նախ. Էրտողանի մեծամասնական կուսակցութիւնը (AKP) կը շարունակէ խօսիլ ուժի դիրքերէ իր ձեռքին մէջ ունենալով երկու հզօր խաղաքարտեր։ Ըստ գործող սահմանադրութեան, իրենց կը պատկանի առաջին իրաւունքը համախոհական (coalition) հողի վրայ նոր կառավարութիւն կազմելու։ Եթէ իշխող կուսակցութիւնը չկարողանայ բազմակուսակցական դահլիճ մը ստեղծել, հանրապետութեան նախագահը այդ գործը հարկադրաբար պիտի վստահի ընդդիմադիր կողմին։ Իսկ եթէ միջկուսակցական բանակցութիւնները առհասարակ ձախողին, նախագահ Էրտողան իրաւունք ունի գործածելու իր երկրորդ խաղաքարտը, որ Ազգային Մեծ Ժողովի լուծարումն է եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը։
Պէտք է հարց տալ, այս կէտին վրայ, թէ որո՞նք են գոյութիւն ունեցող «անհամատեղելի»ները յառաջիկայ միջկուսակցական բանակցութիւններու սեղանին վրայ եւ արդեօ՞ք Ահմէտ Տաւութողլու կրնայ այնուամենայնիւ հակադիր ուժերու շահերը համատեղել իր տրամադրութեան տակ գտնուող քաղաքական զէնքերով եւ ծնունդ տալ թրքական «հրաշք»ի մը…
Փաստերը ցոյց կու տան, որ երեք ընդդիմադիր կուսակցութինններն ալ անխտիր կանգնած են նախագահ Էրտողանի իրաւասութիւնները զգալիօրէն կրճատելու դիրքերուն վրայ։ Քիլիճտարողլու (CHP), Պահչելի (MHP) եւ Տեմիրթաշ (HDP), իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով (եւ յաճախ հակադի՛ր շահերէ), մեծ վտանգ մը կը տեսնեն իշխող կուսակցութեան եւ յատկապէս Էրտողանի մենատիրական յաւակնութիւններուն մէջ, իսկ Էրտողան կը մնայ անդրդուելի ու անզիջող այս մարզին մէջ։ Էրտողան եւ Տաւութողլու, յանուն AKP-ի, պատրաստ են կարեւոր նախարարութիւններ զիջելու հակառակորդ ուժերուն (գէթ CHP-ի կամ MHP-ի) նոյնիսկ նժարի վրայ դնելով Խորհրդարանի Նախագահի հեղինակաւոր դիրքը, բայց կը մերժեն թիզ մը իսկ նահանջել նախագահի իրաւասութիւններու ոլորտին մէջ։ Ասիկա այն փշոտ հարցն է, որ կրնայ արագօրէն սառեցնել երկխօսութիւնը եւ ներկայ բանակցային գործընթացը հրել դէպի փակուղի։
Երկրորդ խնդիրը քրտական հարցն է։ 2012-էն ի վեր, Էրտողան հետեւողականօրէն կը հետապնդէ քրտական հարցը հակակշռի տակ բերելու իր առաջադրութիւնը եւ անշուշտ՝ իր մականին տակ ունենալով PKK-ի մեծ կալանաւորը՝ Ապտուլլահ Օճալան։ Ան նոյնիսկ յաջողեցաւ տասը կէտերէ բաղկացած նախնական համաձայնագիր մը ստորագրել քրտական կողմին հետ (անուանապէս HDP-ի) քրտական հարցը գործնականօրէն կարգաւորելու փոխադարձ յանձնառութեամբ։ Եւ սակայն ներկայ տարուան Փետրուարին, Էրտողան անակնկալօրէն ետդարձ կատարեց եւ կասեցուց բանակցային այս գործընթացը…
Հակառակ այս քաղաքական խաղերուն, փաստը կը մնայ փաստ, որ AKP միակ կուսակցութիւնն է ներկայիս, որ քիւրտ ղեկավարութեան հետ գործօն երկխօսութեան ձեռնարկած ըլլալու անցեալը ունի եւ այս պարագան կարեւոր հնչեղութիւն ունի Թուրքիոյ քրտական համայնքին մէջ։ Չմոռնանք, որ Էրտողան իր կուսակցութենէն ներս վաղուց արդէն ստեղծած է քրտական աչքառու խարիսխ մը։ Տեմիրթաշ կը շարունակէ հետապնդել քրտական ինքնութիւնը Թուրքիոյ հասարակական կեանքէն ներս քայլ առ քայլ արմատաւորելու ստոյգ քաղաքականութիւն։ Ինք եւ իր համախոհները կրցան նոյնիսկ ընդլայնել շրջանակը այս քաղաքականութեան առաջ քաշելով բազմազգ Թուրքիոյ գաղափարը եւ այդ գաղափարին շուրջ համախմբելով Թուրքիոյ ազգութիւններու ողջ խճանկարը։ Զուտ քրտական հողի վրայ գործող իրենց կուսակցութեան (BDP-ի) յարակից՝ անոնք ստեղծեցին բազմազգ HDP կուսակցութիւնը։

Թուրքիոյ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Թէլ Ապիատի քրտական յաղթանակը հսկայ իրադարձութիւն մըն եղաւ Թուրքիոյ քիւրտերուն համար։ Ան աւելի եւս ամրապնդեց Տեմիրթաշի ընտրական յաջողութիւնը եւ քրտական հարցին տուաւ շեշտոած անմիջականութիւն։ Դիտողներու համաձայն, AKP-ի ղեկավարներ Տաւութօղլու եւ Արընչ յստակօրէն հակուած են երկխօսութեան գործընթացը վերսկսելու քաղաքականութեան, երբ CHP եւ MHP մեծ վախերով կը դիմագրաւեն քիւրտերու հետ որեւէ համաձայնութիւն։ Անոնք քրտական իրաւունքներու հարցը կը համարեն կենսական վտանգ Թուրքիոյ համար։ Հետեւաբար համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու գործը մեծ արգելքի առջեւ կը գտնուի նաեւ այս հարցի կապակցութեամբ։
Նկատի առնելով վերոյիշեալ երկու «անհամատեղելի» խնդիրները, դժուար չէ հասկնալ Էրտողանի ներկայ մտայնութիւնը։ Պարզ է, որ Էրտողան զգալի թերահաւատութեամբ կը դիտէ համախոհական դահլիճ գոյացնելու գաղափարը։ Ան չ՚ուզէր մխրճուիլ համախոհական ճահիճին մէջ։ Ան կը հաւատայ, որ իրական այլընտրանքը խորհրդարանի լուծարումն է։ Եւ կը յուսայ նոր ընտրութիւններու բովին մէջ «սրբագրել» վերջին ընտրութիւններու ընթացքին իրենց կոլմէ թոյլ տրուած մարտավարական սխալները։ Եւ անհաւանական չէ, որ այս ռազմավարութեան գծով ան հակադրութեան մէջ գտնուի ոչ միայն նախկին Նախագահ Կիւլի, այլեւ Վարչապետ Տաւութողլուի հետ։ Որպէս Նախագահի՝ իրեն կը պատկանի խորհրդարանը լուծարելու որոշումը եւ իր այդ խաղաքարտը յատուկ ուժականութեամբ կ՚օժտէ զինք…նաեւ Տաւութողլուի եւ իր միւս կուսակիցներուն դէմ։
Այս բոլորէն կը հետեւի մէկ յստակ իրողութիւն։ Թուրքիան կը գտնուի քաղաքական մեծ տագնապի մը ոլորտին մէջ։ Առայժմ ոչ թէժ՝ բայց նաեւ անգուշակելի եւ մտահոգիչ՝ Արեւմուտքին համար։ Թուրքիոյ կայունութեան խախտումը յղի է ծանր հետեւանքներով ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան վտանգները նկատի առած։ Եւ դժբախտաբար տարածաշրջանը շատ հեռու է այսօր թրքական անկայունութեան հետեւանքները կարենալ դիմագրաւելէ։ Հետեւաբար անհաւանական չէ, որ Թուրքիոյ վերջին ապաւէնը, որ բանակն է եղած ներկայ հանրապետութեան առաջին օրերէն սկսած, կրկին վերահաստատէ «վերջին պահու փրկարար»ի իր դերակատարութիւնը…Աւելի՛ն. լիովին հաւանական է, որ Էրտողան ի վերջոյ իր գրաւը դնէ այդ մեծ հաշուարկին վրայ։ Այսօր բանակի վերին խաւը Էրտողանի գաղափարակիցներն են այլեւս։ Անոնք են, որ կրնան առանց այլեւայլի գիծ քաշել թրքական ճատրակի այս նեղացուցիչ խաղին վրայ եւ կրնան անգամ մը եւս խաղատախտակը շուռ տալ …
Եւ այս մէկը ի վերջոյ կրնայ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի վախճանական շահերուն հետ դաշն նկատուիլ եւ վայելել մեծապետական աշխարհի լուռ աջակցութիւնը։

 

The post Դէպի Ու՞ր Կը Դիմէ Թրքական Ճատրակախաղը appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles