Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39-րդ Ներկայացուցչական Ժողով

$
0
0

hmem4

Յունիս 6-7, 2015ի շաբաթավերջին, Պոսթընի Ուաթըրթաուն շրջանի Բաբգէն Սիւնի ակումբէն ներս, տեղի ունեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը, մասնակցութեամբ Փրովիտենսի, Նիւ Ճրզիի, Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի, Ֆիլատելֆիոյ, Շիքակոյի, Տիթրոյթի եւ Պոսթընի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն։ Նաեւ ներկայ էին Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի եւ մարզական յանձնախումբի անդամները,Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Վահէ Թանաշեանի եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներուն կողքին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրաչ Մեսրոպեան, ԻՍԿ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Ժան Աւետիսեան:hmem1hmem2
«Յառաջ Նահատակ» քայլերգով կատարուեցաւ ժողովին բացումը:
Առաջին հերթին, ժողովը ընտրեց իր առժամեայ դիւանն ու լիազորագրերու ստուգման յանձնախումբը, ժողովի օրինականաութիւնը ստուգելէ եւ հաստատելէ ետք ընտրուեցաւ մնայուն դիւան, որ կը բաղկանար ատենապետներ՝ Սարգիս Դարբինեանէ եւ Շանթ Ժամկոչեանէ, ատենադպիրներ՝ Այտա Պարսումեանէ եւ Խաչիկ Գաֆաֆեանէ: Ապա ժողովը ընտրեց բանաձեւերու եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։hmem3hmem5
Յաջորդ օրակարգերու ընթացքին ժողովը ունկնդրեց Շրջանային Վարչութեան պատրաստած քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը եւ կարգ մը ճշդումներ կատարելէ ետք, վաւերացուց: Նաեւ, կարդացուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը: Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ որոնց սպառիչ կերպով պատասխանեց Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Հրաչ Մեսրոպեանը:hmem6hmem7
Ապա, ժողովը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11-րդ Պատգամաւորական ժողովի օրակարգին հէտեւելով որդեգրեց համապատասխան բանաձեւեր, որոնք պիտի փոխանձուին յառաջիկայ Պատգամաւորական Ժողովին։
Կատարուեցաւ պատգամաւորներու ընտրութիւն: Արա Պարսումեան, Թորոս Ոսպիկեան, Ռազմիկ Փանոսեան եւ Շանթ Ժամկոչեան պիտի ներկայացնեն Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Սեպտեմբեր 7-12, 2015ին Հայաստանի մէջ կատաարուելիք Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11րդ Պագամաւորական Ժողովին:hmem8hmem9
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39-րդ Ներկայացուցչական Ժողովի բացումին թէ փակման օրակարգերու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները փոխանցեցին իրենց պատգամները։
Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։

The post Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39-րդ Ներկայացուցչական Ժողով appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles