Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԹԱՒԱԼՈՒՄ …ԵՒ ՍԱՅԹԱՔՈՒՄ

$
0
0

p2-3 shaptvan ngare2

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Յունիս 15, 2015

Ցնցումէն աւելի քան շաբաթ մը ետք, Էրտողան կը մնայ ցնցուած եւ իր շրջապատի միջոցաւ կը նախընտրէ արտայայտուիլ եւ իր միտքը փոխանցել:

Թէ՛ թուրքին եւ թէ՛ քաղաքական իրադարձութիւններուն մօտիկ աշխարհաբնիկին համար, հետաքրքրական է թէ ի՞նչ պիտի ըլլան Էրտողանի նախագահութեան մնացեալ չորս տարիները…,նախագահականե ամբողջատիրական ուժէն եւ ուժականութէնէն հեռու:

Իր կուսակցութեան՝ ,Արդարութիւն եւ Բարգաւաճումե  կուսակցութեան հակակշռին տակ գտնուող ,Սապահեը կը նշէ, թէ նմանօրինակ իրադարձութիւններ արձանագրուած են Թուրքիոյ պատմութեան մէջ եւ սովորական ձեւով կարելի է լուծումի մը յանգիլ: Անշուշտ միշտ ալ կը շեշտուի թէ Էրտողանի կուսակցութիւնը, թէեւ կորսնցուցած է քուէներու համեմատութիւն մը, սակայն կը մնայ ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելողը: Փոխարէն սակայն, Էրտողանն ու իր անմիջական շրջապատը կþուզեն ամէն գնով ծածկել թէ, Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ հանրաքուէարկութեան  բնոյթ ունէին, այսինքն խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս գալու, եւ քաղաքական վարչամեքենան նախագահական պալատ փոխադրելու՝ “Այո“ կամ  “Ոչ“:

Գրեթէ 13 առ հարիւր համեմատութեամբ քուէները կորսնցնելով, “Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում“  կուսակցութիւնը մնաց ամենէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելողը, սակայն այս հետզհետէ նուազող ժողովրդականութեան դիմաց, ժողովրդավարութիւնն է, որ իր “Ո՛չ“ով պարտադրեց Թուրքիան խորհրդարանական դրութեան մէջ:

Կը թուի թէ, Սուրիոյ մէջ կատարուած իրադարձութիւններն ալ, ուղղակիօրէն իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Էրտողանի այս հանրաքուէի ձախողութեան:

Գրեթէ երեք տարիէ ի վեր ծայր առած այս պատերազմի առաջին օրերուն, ան յոխորտանքով յայտնած էր թէ քանի մը ամիսէն կարելի պիտի ըլլար նոյնիսկ Դամասկոսը ազատագրել:  Ան այնքան մը մօտէն կը հետեւէր Սուրիոյ ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ ըլլալու նպատակով, որ չկրցաւ նկատել թէ, ինքն ու իր ղեկավարած երկիրը կրնար ,պումըրանկայինե կացութեան մը առաջնորդել, պատճառ դառնալով որ ան կորսնցնէ շօշափելի ժողովրդականութիւն եւ նոյնիսկ հող…: Այսպէս, ընտրութիւններէն հազիւ քանի մը օր ետք, երբ քիւրտ ազատամարտիկներ գրաւեցին սահմանակից Թել Ապիատը, պատճառ հադիսացան որ Իսլամական Պետութեան մայրաքաղաք՝ Ռաքքայի հետ ճանապարհը փակուի:

Քրտական գործօնը, յանձին ժողովուրդի Ժողովրդային Կուսակցութեան պիտի շարունակէ նկատուիլ Էրտողանի գլխացաւը, եւ այս մէկը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եթէ ,Արդարութիւն եւ Բարգաւաճումե  կուսակցութիւնը, գործակցի մնացեալ կուսակցութիւններուն հետ:

Այս բոլորին լոյսին տակ, սպասելի էր նմանօրինակ ,Էրտողանեանե թաւալում եւ սայթաքում:

 

The post ԹԱՒԱԼՈՒՄ … ԵՒ ՍԱՅԹԱՔՈՒՄ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles