Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ.- ՍԱՄԻ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹԸ

$
0
0

IMG_0809

Հանդիսատես

Այս տարուան Պոսթըն Փոփսի հայկական երեկոյի հիւրն էր՝ երիտասարդ ջութակահար Սամի Անտոնեան, որ հազիւ 17 գարուններ բոլորած է եւ արդէն իսկ հասած բարձր մակարդակի:

Արդարեւ, Ուրբաթ, Յունիս 5-ին կատարուած այս 64-րդ հայկական Պոսթըն Փոփսի ձեռնարկին, Անտոնեան նուագեց դասական երաժշտութեան եւ յատկապէս լարային ամենէն աւելի դժուար գործերէն մէկը՝ Ֆելիքս Մենտելսոնի ջութակի համանուագին առաջին մասը (Concerto in E minor, Opus 64.- Allegro molto appassionato):

Անտոնեան ամենայն հմտութեամբ ներկայացուց այս դժուար գործը, հեզասահօրէն գործակցելով Պոսթըն Փոփսի ղեկավար մաէսթրօ Քիթ Լոքհարթի եւ իր նուագախումբին: Գործին ազդանշանը հազիւ տրուած, ան կրցաւ տիրապետել թէ՛ ջութակին եւ թէ՛ իր ինքնավստահութեան:

Չորս տարեկանին, Սամի Անտոնեան սկսած է նուագել թաւջութակ եւ երեք տարի ետք, նախընտրած է մասնագիտանալ ջութակի մարզէն ներս:

Ան հետեւած է հանրածանօթ ջութակահարներու դասընթացքներուն, որոնց կարգին՝ Իլիա Քալէր, Էլմար Օլիվէյրա եւ Կրիկորի Գալինովսքի։ Յառաջիկայ ամիսներուն, ան պիտի հետեւի այլ դասընթացքներու Այանօ Նինոմիայի եւ Ֆրանք Հուանկի հետ։

Մաէսթրօ Լոքհարթ, որ ամէն տարուայ հայկական երեկոյին, իր խումբին հետ կը ներկայացնէ ,Հայր Մերեը, այս անգամ նաեւ ներկայացուց հայկական այլ գործեր, որոնց կարգին Արամ Խաչատուրեանի ՝՝Գայանէ՝՝էն երկու պարեր: Իւրայատուկ կատակով մըն ալ, ան հանդիսատեսներուն տեղեկացուց թէ Խաչատուրեանի այս գործին ամենէն ծանօթ պարը՝ ՝՝Սուրերու Պար՝՝ն է, որ այս օրուան յայտագրին վրայ չկար եւ իր իւրայատուկ ձայնային ոճով քանի մը երկվայրկեան մեներգեց խանդավառելով ներկաները: Նախապէս Լոքհարթ, մեծ դժուարութեամբ կրցած  էր իր տարեկան դրութեամբ Մեսրոպաշունչ ,Բարի Երեկոյեն յայտնել:

Նաեւ ներկայացուեցաւ Ալըն Յովհաննէսի ՚՚ ՚՚Աղօթք Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝՝ՙՙ  գործը, որ պատրաստուած է փողի (trumpet) համար: Լոքհարթ նշեց թէ, գործը կը ներկայացուի.- ,Ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակուած մէկ ու կէս միլիոն ժողովուրդին, որուն հարիւրամեակը կը նշուի, այս տարուան ընթացքինե:

Նաեւ ներկայացուեցան գործեր՝ Պախէն եւ Շոսթաքովիչէն:

Ձեռնարկի երկրոոդ բաժինը վերապահուած էր Պոսթըն Փոփսի մշակած ու նուագած գործերուն, որոնք ներկայացուեցան, օգտագործելով արդի միջոցներով բջիջային հեռաձայներով կատարուած քուէրկութիւնն ու ամենէն աւելի քուէ հաւաքող եւ ժողովրդականութիւն վայելող գործերը:

 

 

 

The post ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ.- ՍԱՄԻ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂ ԵԼՈՅԹԸ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles