Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Արուեստ Եւ Մշակոյթ.- ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ ՝ “ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՎԱՐՊԵՏ“Ի ՎՐՁԻՆՈՎ

$
0
0

P8-9 NEW1

ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Հայկական գեղանկարչութեան աշխարհին ամենատարբեր շնորհալի անհատականութիւններու ցանկին մէջ, իր ինքնատիպութեամբ կարելի է առանձնացնել գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը, որ արուեստասէր հասարակութիւնը անվարան կրնայ իրեն շնորհել ,գոյներու վարպետե անուանումը: Ան դիտողին կը ներկայանայ բացառիկ ուժականութեամբ լեցուն իր արուեստով, իւրօրինակ մտածելակերպով ու իւրայատուկ նկարելաձեւի ոճով:

Գրիգոր Ակոբեանի ստեղծագործական ժառանգութիւնը հարստացուց սփիւռքահայ արուեստի պատմութիւնը իր անկրկնելի գործերով, որոնք դարձան ճշմարիտ արուեստի չափանիշ եւ վկայութիւն: Լիբանանեան, ամերիկեան, Միացեալ Էմիրութիւններու եւ գանատական մամուլը յաճախ հիացմունքով եւ խոր ակնածանքով արձագանգած է Ակոբեանի արուեստին մասին, զայն համարելով աննախադէպ, ազգային, համամարդկային եւ վերջապէս հայ գեղանկարչութեան աշխարհին մէջ հազուագիւտ երեւոյթներէն մին:p8-9 alphabetarm3

Մեծ հպարտութեամբ կարելի է Ակոբեանի աշխատանքները զետեղել ինչպէս հայկական, այնպէս ալ եւրոպական շատ անուանի գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններու կողքին: Այսօր, հայ իրականութենէն ներս եւ թէ անոր սահմաններէն դուրս, ան կը դասուի հանրայայտ գեղանկարիչներէն մէկը, որուն արուեստին մասին գրուած են բազմաթիւ յօդուածներ ու պատրաստուած են գրքոյկներ: Անոր գործերը արժանիօրէն տեղ գտած են աշխարհի զանազան պատկերասրահներուն  մէջ, ինչպէս Noah’s Ark  Gallery, Aida Cherfan Fine Arts Gallery, Gallerie Richellieu Montreal, Beirut Exhibition Center  Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան պատկերասրահ  եւ արուեստ գնահատող բազմաթիւ անհատներու ու հաւաքածոներու մէջ:

Այս տարի, հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ակոբեան նկարիչին  ստեղծագործական բուռն գործունէութիւնը պսակուեցաւ ոչ միայն անհատական, այլեւ խմբային բազմաթիւ ցուցահանդէսներով՝ ինչպէս 100 ամեակի Լիբանանի Յանձնախումբին կողմէ հովանաւորուած, Noah’s Ark-ի կազմակերպութեամբ, մասնակցելով ,Ազգի մը վերածնունդըե ցուցահանդէսին Պէյրութ Պատկերասրահի եւ ,Ֆարրաե կալերիին մէջ, ուր լիբանանահայ հանրայայտ արուեստագէտներ իրենց լաւագոյն ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան:

Հակառակ որ Գրիգոր Ակոբեան իւրօրինակ հայեացքով կը նայի աշխարհին ու կը ստեղծագործէ ընդ այնմ, սակայն իր հաւաքածոներուն մէջ մեծ տեղ տուաւ հայկական նուռին որովհետեւ կը հաւատար, թէ ան խորհրդանիշն է բարեկեցութեան, առատութեան, պայքարի ու յարատեւութեան: Եթէ յետադարձ հայեացք մը նետենք Ակոբեանի կենսագրական տուեալներուն, պիտի նշմարենք թէ ան միշտ ալ եղած է բնութենապաշտ արուեստագէտ: Մայրիներու աշխարհի ծառերն ու իրենց արմատները  նկարելով, արուեստասէր հասարակութեան ան կը հրամցնէր  հողին ու հայրենիքին կառչած մնալու խորհուրդը: Անոնք որքան ալ վիրաւոր ըլլան, տակաւին կառչած կը մնան մայր հողին, իրենց ակունքներուն եւ այդպէս կը շարունակեն իրենց գոյերթը դէպի անհունը կեանքին: Իր այս վերջին ցուցահանդէսով, Հայոց այբուբենի երեսուն եւ ութ տառերու ցուցադրութեամբ, իրենց գեղեցկագոյն պարզութեանը մէջ, հայ ակնդիրին ոչ աւանդական ձեւերով, այլ արուեստի իւրայատուկ ոճով, որ նոյնիսկ օտար արուեստասէր հասարակութիւնը զայն ընկալեց իր արուեստի ամբողջականութեանը մէջ:baydz AypA1baydz PenP2

Ակոբեան իր ներկայ ցուցահանդէսով, եկաւ ապացուցելու, թէ իր գործերը ինքնատիպ մօտեցումներ ունին, իրենց ուղղիղ ու կոր կայուն դիրքաւորումներով, գոյներու զարմանալի համարձակ համադրութիւններով ու նաե՛ւ հակադրութիւններով: Ան կը  ներկայանայ արուեստասէր հանրութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ոգեկոչելու վայել իւրայատուկ ոճով: Ան գերիրապաշտ իր սկզբունքներով հայոց այբուբենին մէջ ներկայացուց դասականն ու ժամանակակիցը միասնաբար՝ արտայայտելով իր տրամադրութիւններն ու զգացումները մերթ փոթորկուն, մերթ անհաշտ ու մերթ հանդարտ ու մեղմ ստեղծագործութեամբ:

Ակոբեան ծնած ըլլալով լիբանանահայ ընտանիքի երդիքին տակ, վրձինի առաջին հարուածները կտաւին դրոշմած է լիբանանեան հողին վրայ: Ան իր նկարչական մասնագիտական աշխարհը հարստացուցած է Մոնթրէալի նկարչական համալսարաններու մէջ, ուր առիթ ունեցած է խորութեամբ ուսումնասիրել հայ եւ համաշխարհային վարպետներու ստեղծագործական ժառանգութիւնը:

Որպէս հայրենասէր, սկզբունքային ու ճշմարիտ արուեստագէտ՝ Ակոբեան այն համարձակ անհատներէն է, որ կ’արտայայտէ իր միտքերը խոր համոզումով: Նուռերու աշխարհին մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգող Ակոբեան այս ցուցահանդէսին պարունակէն ներս ներկայացաւ նաեւ հայկական խաչքարերով: Կարելի է որպէս նորութիւն համարել Սասունցի Դաւիթն ու Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը իրենց ձիերուն վրայ: Այս երկու գլուխ գործոցները ան ստեղծագործած է անսահման սիրով ու յարգանքի մեծ զգացումով, դէպի իրենց կեանքին, կրօնքին ու հայրենիքին նուիրուած հայ դիւցազուններ:

Դիտելով Ակոբեանի ,Այբուբեն հայոցեը կրնաս նշմարել, թէ այս հիասքանչ գործերուն մէջ նկարիչը անթաքոյց հիացմունքով կը պատկերէ ազգային մեր տառերը: Ըմբոշխնելով իւրաքանչիւր տառի գեղեցկութիւնը, ակամայ կ’աւելնայ հոգիիդ լոյսը, հայրենի աշխարհը աւելի լուսաւոր ու սիրելի կը դառնայ քեզի, եւ ակամայ բարի լաւատեսութեամբ կ’ոգեւորուիս դէպի հայրենի ներկայ իրականութիւն: Բոլոր ժամանակներու մէջ Ակոբեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ նկարած է պայծառ գոյներ, մաքուր ու յստակ գիծեր, իսկ թեմաները միշտ եղած են հոգեհարազատ ու զգացական:p8-9 alphabetarm2p8-9 alphabetarm1

,Այբուբենեի ամբողջական շարքի նկարազարդումով, Ակոբեան հրաշալի կերպով գիտեր, թէ անոնք իր ազգի գոյատեւման մեծագոյն գաղտնիքն  էին: Ան կ’ապրէր իր ժողովուրդին ուրախութիւններով ու թախիծով: Այբուբենի շարքի ստեղծագործումով, ան կու գար ապացուցելու թէ ինքզինք իր ժողովուրդին զինուորը կը համարէր, իր ազգին ու ժողովուրդին վերաբերող իւրաքանչիւր երեւոյթ արձագանգ կը գտնէր անոր արուեստագէտի հոգիին մէջ, եւ յուզումին որպէս արդիւնք՝ ան կ’ընդվզէր հայու արուեստով, հայու պոռթկումով:

Թէեւ տասնամեակ մը առաջ իր մօտ ծնունդ առած էր “այբուբեն“ը նկարազարդելու գաղափարը, սակայն կամաց-կամաց անոնք մարմին առնելով շաղախուեցան իր էութեան հետ եւ ապա իր ամբողջականութեանը մէջ հրամցուց հայ արուեստասէր հասարակութեան, հայու իր տուրքը մատուցելով “Գիրերու գիւտի փառքին“, եւ խոնարհելով միլիոնաւոր հայ նահատակներու  յիշատակին առջեւ:

Յաջողութեամբ պսակուած այս ցուցահանդէսով, Ակոբեան իր ուրոյն տեղը անգամ մը եւս հաստատեց հայ նկարչութեան գանձարանին մէջ:

The post Արուեստ Եւ Մշակոյթ.- ՀԱՅՈՑ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ ՝ “ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՎԱՐՊԵՏ“Ի ՎՐՁԻՆՈՎ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles