Ազգը ամբողջութիւն մըն է իր հայրենիքով (հող) եւ իր ժողովուրդով (մարդիկ): Մարդիկ՝ որոնք կ’ունենան հաւաքականի գիտակցութիւն, կարենալ տէր ըլլալու համար: Տէր՝ տիրութեան իմաստով, ինչպէս այդ կ’ըսուի Խորենացիի եւ այլ պատմիչներու պարագային, որոնք հայ արքաներու մասին կ’ըսէին, թէ անոնց տիրութեան սահմանները մինչեւ ո՛ւր կը տարածուէին, ինչպէս կը ճշդուէին:
Այդ սահմաններուն համար կ’ըսէին նաեւ, որ անոնք կը հասնէին մինչեւ հոն ուր հայերէն կը խօսուէր:
Մի՞թէ ազգի սահմանն ալ այդպէս չէ… հայերէնով:
Կարդալ կրկին Խորենացին:
Հեռաւոր եւ մօտաւոր անցեալին եղած են եւ պիտի ըլլան այդ տիրութեան յանձնառութիւնը կորսնցուցածներ եւ կորսնցնելու ընթացքի մէջ գտնուողներ:
Այլ խօսքով, ինչպէս կը ներկայանայ հայկական սփիւռք(ներ)ը տիրութեան յարաբերաբար: Տէ՞ր է, թէ կը բաւարարուի «Ամերիկայի հօրեղբօր» դերով: Երբեմն յանդգնութիւն պէտք է ունենալ հարց տալու, թէ Ռիւպիքոնի ա՛յս կողմն ենք, թէ՞ միւս կողմը:
Ազգը ամբողջութիւն մըն է իր համրանքով, որ հայրենիք-հողը կը դարձնէ ինքնութեան արգանդ, ուր կ’աճին դարերու ընթացքին կազմուած տարբերութեան յատկանիշները: Այդպէս են բոլոր ժողովուրդները: Եթէ տարբերութեան յատկանիշները հարթուին, փոխարինուին այլ յատկանիշներով, մարդիկ-անհատներ կը շարունակեն ապրիլ, բազմանալ, բայց նոր նկարագրով կաղապարի մէջ, որ շարունակութիւն չ’ըլլար: Երբ հայրենիքի հողին վրայ չենք, լաւագոյն բարի կամեցողութեամբ անգամ, չեն աճիր ազգ յատկանշող տարբերութիւնները, կ’աճին հետզհետէ նորատեսակ տարբերութիւններ, ինքնութեան արգանդէն ծնածներէն տարբեր, նորատեսակ արգանդներէ սերած: Առաւել կամ նուազ արագութեամբ, ժամանակի ընթացքին, գինիին խառնուած ջուրին քանակը այնքան մեծ կ’ըլլայ, որ գինիի համը բոլորովին կը կորսուի:
Այսպէս է կամ պիտի ըլլայ սփիւռք(ներ)ի ճակատագիրը: Նախընթացներ կան, անհետացած համայնքներ եւ դէպի անհետացում ընթացողներ: Ափսո՜ս: Ջայլամի կեցուածք եւ քաղաքականութիւն կ’որդեգրենք (ոչ իսկ), անհետացողները որպէս սոսկ համրանք գումարելով մեր թէական համրանքին վրայ, յանգելով սխալ գնահատումներու: Ազգային քնացուած-քնացող դրամագլուխ՝ որ պիտի կորսուի, եթէ ազգակերտման եւ ազգապահպանման անսեթեւեթ քաղաքականութիւն չորդեգրուի եւ չկենսագործուի, Հայաստանի կողմէ եւ սփիւռք(ներ)ի մէջ, ոչ խօսքի գինովութեամբ, որ պղպջակի կեանք ունի: Այս անսեթեւեթ քաղաքականութեան մշակումը եւ որդեգրումը այսօր օրակարգ չէ, քանի որ քաջալերուող եւ յանձնառութիւն չպահանջող տուրիստական-բարեսիրական չանհանգստացնող եւ անվաղորդայն «զգացական հայրենասիրութիւն»ը սփիւռք(ներ)ը վարակած է: Այդքանով գոհանալու թափահարումներով կը կարծենք ազգ միացնել եւ փրկել:
Խօսինք աւելի պարզ:
Սփիւռք(ներ)ը երեւակայական հաւաքականութիւններու տեսական գումար չէ: Այդ հաւաքականութիւնները հայկական են: Այս սկզբունքային վերագրում մըն է: Ինչպէ՞ս կարելի է անոնց հայկականի բովանդակութիւնը եւ լիցքը ճշդել, գիտնալու համար, թէ ինչպիսի ուժերու, կարողութիւններու եւ կարելիութիւններու վրայ կրնանք հիմնել ազգակերտումի եւ հայակերտումի շէնքը: Նախ այսօր ոչինչ գիտենք անոնց իսկական համրանքին մասին եւ կը տրուին ենթակայական-երեւակայական եւ կամակայական թիւեր, առանց ոչ մէկ գիտական եւ ուսումնասիրական հիմնաւորումի, որ յաճախ կը փոխարինուի տօնակատարութիւններու ճառերով, որոնք ներկայ եղողները կը խանդավառեն, բայց չեն հասնիր հեռացածներու եւ բացականերու: Երբեմն պէտք է յիշել ֆրանսական խօսքը, որ կ’ըսէ թէ ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը:
Ներկաները՝ ծառ, կորածները եւ բացակաները՝ անտառ:
Այդ անտառը քնացող-քնացուած ազգի հատուած է, հզօրութեան դրամագլուխ, զոր չենք տեսներ, չենք ուզեր տեսնել, բաւարարուելով զայն ծածկող փոքրամասնութեամբ: Երբ կը խօսինք ազգի տասը կամ քսան միլիոնի մասին, կը մտածե՞նք բնաւ այդ զանգուածի որպէս հայկականութիւն զօրաշարժի ենթարկուելու կարելիութեան մասին: Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ անոր ո՞ր տոկոսը կրնայ զօրաշարժի ենթարկուիլ, կամ կրնանք ենթարկել:
Բազմամփոխ խորհրդաժողովներու յուզիչ պատկերը անկասկած գօտեպնդող է, բայց ան յաճախ կը մոռցնէ, որ ազգը այդ քանի մը հազարով չի գոյանար: Էսթէպլիշմընթը կրնայ ինքնագոհ ապրիլ առանց տեսնելու անտառը, չունի անտառը սեւեռելու տեսիլք, սրահի մը պոռչտուքը կամ եկեղեցիի մը տօնախմբութիւնը կը մոռցնեն համաշխարհայնացած սփիւռք(ներ)ը: Եւ քանի որ ենթակայական թիւեր կը տրուին սփիւռք(ներ)ի համրանքի մասին, տասը կամ քսան միլիոն, աւելցնենք Թուրքիոյ մէջ գտնուող անորոշ համրանքով թաքնուած հայերը, մի՞թէ անհրաժեշտ չէ ապագայատես եւ լանածիր քաղաքականութեան մը մշակումը այդ միլիոններու մեծամասնութիւնը հարազատ ինքնութեամբ հայացնելու յանձնառու հայերու վերածելու համար:
Յանձնառուներ՝ որոնք իրենց հզօրութիւնը պէտք է գտնեն ինքնակառավարումով: Յանձնառութիւնը կենսունակ չի կրնար ըլլալ առանց ինքնակառավարման:
Միաժամանակ, հայրենադարձութեան իրաւ յանձնառութեամբ լիցք պէտք է այդ տասը կամ քսան միլիոնին: Քոթ տ’Ազիւր, Մայամի, Հոնոլիւլիւ աւազներու վրայ փռուելով երջանկութեան որոնումով ազգ չի գոյանար:
Այսօր, ազգի հզօրացումը կը պայմանաւորուի հայրենադարձութեամբ, հայրենադարձութեան կազմակերպութեամբ:
«Ինչո՞ւ»ն գիտենք: «Ինչպէ՞ս»ին պատասխանը կը պահանջէ ղեկավարում, որ ունենայ էսթէպլիշմընթային թատրոնէ եւ մտմտուքէ տարբեր որակ եւ տեսիլք:
Որ դպրոց չփակէ: Որ արտագաղթը կասեցնէ: Որ տէր ըլլայ հայերէնի: Վերականգնէ հայերէնը ամենուրեք: Շարականը հայերէն երգէ: Համացանցը հայացնէ: Օրինակի արժէքով վերականգնէ ազգի որակը:
Տեղ մը թաքնուած Կանտի մը կա՞յ, որուն կոչին զանգուածը առանց վէճի եւ վերլուծումներու մէջ խեղդուելու ոտքի ելլէ, ճակատ երթայ, հայրենի հողը ապրեցնէ:
Տասը կամ քսան միլիոնը… քնացուած եւ քնացած ենթադրութի՞ւն մըն է, թէ՞…
Հայկի եւ Մեսրոպի ժառա՞նգ է, թէ կոչուած է մոլորակի այլազան ժողովուրդները բազմացնելու ազնիւ-անազնիւ դերին:
Այսօր հրամայական է, հայրենի պետութեան դրական նեցուկով սփիւռք(ներ)ի ինքնամատակարարման եւ ինքնակառավարման կառոյցներու եւ ղեկավարման յառաջացումը, որպէսզի քնացած-քնացուած դրամագլուխը դառնայ կենսունակ:
Ընելով այնպէս, ինչպէս քանի մը անգամ ըսած եմ, կրկնելով ֆրանսական ասոյթը, որ պէտք չէ մերկացնել Փոլը հագցնելու համար Փիէրը…
Յ. Պալեան
Յունիս 1, 2015
The post ԱԶԳԻ ՔՆԱՑՈՂ (ՔՆԱՑՈՒԱԾ) ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՄԱՍԻՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.