Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Մ.Ա.Կ.-Ի ՄՕՏ ՄԻ­ԱՑ­ԵԱԼ ՆԱ­ՀԱՆԳ­ՆԵ­ՐՈՒ ԴԵՍ­ՊԱՆ ՆՇԱ­ՆԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՍԱ­ՄԱՆ­ԹԱ ՓԱՈՒԸՐ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
P3  POWER
  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա, անց­եալ շաբթ­ուայ ըն­թաց­քին, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի պաշ­տօ­նին նշա­նա­կեց իր ամե­նա­մօ­տիկ խորհր­դա­կան­նե­րէն մէ­կը նկա­տուող Սա­ման­թա Փաուը­րը:

Փաուըր 2002ին “Փու­լի­ցըր“ մրցա­նա­կին տի­րա­ցած էր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու նուիր­ուած իր գիր­քին հա­մար, որուն մէջ կը քննուի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւնը ցե­ղաս­պա­նու­թեանց նկատ­մամբ: Գիր­քին մէջ ան հա­մո­զում կը յայտ­նէ, թէ հա­յե­րու, հրեա­նե­րու, Քամ­պոտ­իոյ եւ Ռուան­տա­յի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են, որով­հե­տեւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը աչք փա­կած են եւ պաշ­տօ­նա­տար­ներ որո­շած են չմի­ջամ­տել: Ամե­նա­տա­րած­ուած պա­տաս­խա­նը` մենք չենք գի­տերն է, ինչ որ ճիշդ չէ, յայտ­նած է Փաուըր, որ քա­նի մը տա­րի առաջ ստա­ցած էր յա­տուկ յու­շան­ուէր մը, Հայ Դա­տի Արե­ւել­եան շրջա­նի տա­րե­կան հա­ւաք-հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին:

Օպա­մա այս նշա­նա­կու­մը կա­տա­րեց, երբ ի վեր­ջոյ որո­շեց Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­կայ դես­պա­նը‘ Սիւ­զըն Ռայ­սը, նշա­նա­կել Ազ­գա­յին ապա­հո­վու­թեան հար­ցե­րու խորհր­դա­կան` փո­խա­րի­նե­լով Թամ Տանի­ը­լը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles