Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

$
0
0

23-1024x68351

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Յունիս 1-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը, ընկերակցութեամբ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցա Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի Տիկ. Հուրի Պոյամեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:41-1024x68321-1024x690
Վարժարանի տնօրէնուհին բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր խճողուած Հովուապետական այցելութեան ծրագրին մէջ յատուկ տեղ տուած էր Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանի աշակերտութեան: Աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին եւ հրաւիրեալներու հետ, Նորին Սրբութիւնը կատարեց նախաճաշ:15-1024x55871-1024x683
Ապա, դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը երգեր ու արտասանութիւններ: Յայտագրի աւարտին աւարտական դասարանի աշակերտները Մայիս 28-ի առթիւ՝ դպրոցի դաստիարակչական հայաստանագնացութեան ծրագրին եւ իրենց ուղեւորութեան թարմ տպաւորութիւնները բաժնեցին:22-1024x68318-1024x683
Արամ Ա. գնահատեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հոգաբարձական կազմերը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները, իրենց յանձն առած բոլոր զոհողութեանց համար: Ապա, աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, թէ պէտք է հայ լեզուին նկատմամբ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունենան, հպարտ զգան հայ ըլլալնուն եւ օր մը իրենց կարգին մասնակից դառնան համայնքի կեանքին:141-1024x576111-1024x683
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շրջեցաւ վարժարանի բոլոր դասարանները եւ զրուցեց ու մտերմիկ պահեր ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշակերտութեան հայեցի առողջ դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման դպրոցին մշակած ծրագիրներով:

The post ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles