Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

ԱՆԶԵՐԾ ԶԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

$
0
0

p1 khemp
ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Մայիս 18, 2015

Գրեթէ երկու տարի անցած էր այդ թուականէն եւ կը կարծուէր թէ կատարեալ անցեալի հետքերով, հարցը փակուած էր, սակայն քոնկրէսական բարոյականութեան գրասենեակին համար՝ «Ո՛չ»:
Ընդհակառակը, եօթանասուն էջերէ բաղկացած զեկոյց-թղթածրարին հարցը նոր սկսած կը թուի ըլլալ:
Հա՞րցը…թնճո՞ւկը…: Ուրեմն ըստ քոնկրէսական բարոյականութեան գրասենեակի պատրաստած այդ թղթածրարին, Ատրպէյճանի քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութիւնը, Նոր Աշխարհէն ներս գործող ոչ-շահաբեր ընկերութիւններու անունին տակ, աւելի քան 750 հազար տոլար յատկացուցած է, Պաքուի մէջ 2013-ին գումարուած Կասպից ծովու հարցերուն նուիրուած գիտաժողովին: Արդարեւ, ամենայն խորհրդապահութեամբ եւ գաղտնապահութեամբ, կարելի եղած է հոգալ ծախսերը տաս քոնկրէսականներու եւ անոնց անձնակազմի անդամներուն:
Անշուշտ պարզ ճամբորդութեան եւ կեցութեան ծախս չէ կատարուածը, այլ շռայլօրէն մսխուած գումարին առիւծի բաժինը խլած է սիրաշահելու, տպաւորութիւն ձգելու եւ ներգրաւելու աշխատանքը:
Վերոյիշեալ 750 հազար տոլարին միայն 115 հազարը տրամադրուած է ճամբորդութեան եւ կեցութեան: Մնացեալ աւելի քան վեց հարիւր հազարը տրամադրուած է թանկագին նուէրներու: Արդարեւ, այս «գնուած» հրաւիրեալներուն ձօնուած են արժէքաւոր նուէրներ, որոնց կարգին՝ մետաքսեայ զարդարանքներ, սպասներ, զմրուխտներ, յարգի եւ ձեռագործ գորգեր…նաեւ ձկնկիթ:
Այս եղելութիւնները ցոյց կու տան թէ ինչպիսի՞ սադրիչ գործունէութիւն կը կատարէ Ատրպէյճանի քարոզչական եւ լոպիինկի մեքենան, որ ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, անցեալ տարի եւ այդ ալ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, տրամադրած է 2.3 միլիոն տոլար…:
Ազերի քարոզչական մեքենային աշխատելաձեւը յստակ է եւ կը կատարուի առաջին հերթին դեսպանատան ճամբով, որ գործի լծած է Ատրպէյճան – Ամերիկա Դաշինք անունով կազմակերպութիւնը: Իսկ երկրորդ գործելաձեւը վերոնշեալ հանրածանօթ քարիւղի պետական «Սոքար» ընկերութիւնը, որ Ուաշինկթընի մէջ, Սպիտակ Տան մօտակայքը, օժտուած է յատուկ գրասենեակով մը: Այս վերջինին գործունէութեան դաշտը աւելի առարկայական է, այսինքն տնտեսական եւ նիւթական բաժինն է որ կը կատարէ: Հետեւաբար, այս տեղեկութիւններու լոյսին տակ, «Սոքար»ն է որ մատակարարած էր վերոյիշեալ տասնեակ մը քոնկրէսականներուն ու իրենց պաշտօնեաներուն փոխադրութիւնն ու վայելքը: Մինչդեռ, Ատրպէյճան – Ամերիկա Դաշինքը ենթակայական բաժինն է որ կը կատարէ, այսինքն ենթահողի պատրաստութիւն եւ քարոզչական աշխատանք: Այս դաշինքն է որ գործի լծուած է ի շահ եւ ի նպաստ Ատրպէյճանի մթնոլորտ եւ միջավայր ստեղծելու եւ իրագործելու «Ատրպէյճանամիտ» քոնկրէսականներ՝ Սթիւ Սթոքմէնի (Հանրապետական – Թեքսաս), Ճիմ Պրայտընսթայնի (Հանր. – Օքլահոմա), Թետ Փոյի (Հանր. – Թեքսաս), Այվէթ Քլարքի (Դեմոկրատական – Նիւ Եորք), Շիլա Ճէքսընի (Դեմոկր. – Թեքսաս), Միշէլ Կրիշըմի ((Դեմոկր. – Նիւ Մեքսիքօ), Տէնի Տէյվիսի (Դեմոկր. – Իլինոյ), Լէնըրտ Լենսի (Հանր. – Նիւ Ճըրզի), Ռուպէն Հինոխօսայի (Դեմոկր. – Թեքսաս) եւ Կրեկըրի Միքսի (Դեմոկր. – Նիւ Եորք) ,
Պաքու այցելութիւնը:
Դեռ ասոր կողքին, տեղին է նշել թէ, բազմիցս աշխատանք կը տարուի նմանօրինակ «ծախուած» քոնկրէսականներու հետ գործակցելով, Խոճալուի ջարդերու ի նպաստ բանաձեւերու պատրաստութիւնն ու այդ գծով լոպիինկի աշխատանքը:
Այս գործելաձեւը Պաքուի եւ իր ղեկավար Ալիեւի ծաւալողապաշտ քաղաքականութեան եւ անզերծ զեղծարարութեան մէկ մասնիկն է:
Բնականաբար, քոնկրէսական բարոյականութեան գրասենեակի լայնածաւալ թղթածրարը պիտի նշէ վերոյիշեալ հաստատումը:

The post ԱՆԶԵՐԾ ԶԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles