Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

  Ուաշինկթընի մէջ Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ծերակուտականներու Հետ

 

Image may be NSFW.
Clik here to view.
serj-senators

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներ ժամանած նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւծ է ծերակոյտի հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միչ ՄըքՔոնելի եւ դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավար ՀԵրի Ռիտի հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ծերակոյտի հանրապետական եւ դեմոկրատ շարք մը այլ անդամներ:

Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան ու երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած` այդ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ԱՄՆ քոնկրէսի ուրոյն դերակատարութեան: Հանրապետութեան նախագահի խօսքով, նաեւ ծերակուտականներ Միտչ Մըքոնելի եւ Հարրի Ռիտի գործուն ջանքերուն շնորհիւ՝ այդ յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ:

Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց զրուցակիցներուն` տարիներ շարունակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն առանձնայատուկ վերաբերում եւ հոգածութիւն ցուցաբերելու համար: Հանդիպման մասնակիցները համակարծիք են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները ընդգրկած են համագործակցութեան լայն շրջանակ:

Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ ունին թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ հարթութիւններու վրայ: Նախագահ Սերժ Սարգըսեան բարձր գնահատած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման, տարբեր ոլորտներէն ներս բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման տարիներ շարունակ ցուցաբերուող Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը` միտուած Հ.Հ. պետականութեան ամրապնդման: Նախագահը բարձր գնահատած է նաեւ ԱՄՆ դերակատարումը տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան պահպանման գործին, նաեւ Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի, գործուն ներգրաւուածութիւնը Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, անոր ծիրէն ներս Հայաստանի եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ իրականացուող յիշատակի եւ ոգեկոչման ձեռնարկներուն, նաեւ` Հ.Հ. նախագահի այցի ծիրէն ներս Ուաշինկթընի ազգային տաճարէն ներս կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեանը նուիրուած միջկրօնական աղօթքին:

Ներկայ բոլոր ծերակուտականները իրենց խօսքին մէջ կարեւոր համարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ Հայաստանի շրջափակման պայմաններուն երկրին անհրաժեշտ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի այլընտրանքային հնարաւորութիւններու ստեղծման վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց Ողջակիզումի թանգարան, ուր արձանագրութեան մատեանին մէջ գրեց.-

«Ասիկա վայր մըն է, որ իր պատերուն ներքեւ  կ՛ամփոփէ խոր թախիծ եւ միաժամանակ յոյսի մեծ շող` շեշտադրելով անցեալին հետ առերեսուելու առաւելութիւնը ընդդէմ անցեալի ժխտման եւ քողարկման: Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին պատմող թանգարանները «յստակ ուղերձ են ներկայ եւ  ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները` անոնցմէ  դասեր քաղելու եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու համար»:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահին ներկայացուած է Հիթլերի յայտնի խօսքերով առանձին պատը, որուն վրայ գրուած է.  «Ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու կոտորածին մասին»:

Ըստ թանգարանի աւագ խորհրդական Արթուր Պերկըրի, Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը  շատ կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանի նման եզակի պատմութիւն ունեցող երկրի նախագահը հիւրընկալելը մեծ պատիւ է:

 

 

The post   Ուաշինկթընի մէջ Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ծերակուտականներու Հետ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles