Quantcast
Channel: Hairenik Weekly Newspaper
Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

   ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒԽ…ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ

$
0
0

p1 vat new3
 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

Ապրիլ 14, 2015

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշելը պարտադիր է, որովհետեւ ուր յիշատակ չկայ, այնտեղ չարիքը դեռ բաց կը պահէ վէրքը: Ծածկել յանցանքը, կը նշանակէ ձգել, որ վէրքը արիւնահոսի

Փրանկիսկոս Պապ

Վատիկան

Ապրիլ 12, 2015

Այս անգամ նորընտիր Պապի մը լուրը աւետող սպիտակ ծուխը չէր, որ կը ծածկէր Վատիկանը, այլ թափանցիկարդարութեան ծուխը:

Ի վերջոյ, այդ թափանցիկ ծուխն ալ ընտրութեան մը հետ կապ ունէր եւ Ապրիլ 12-ին, Փրանկիսկոս Պապը որոշած էր այլընտրանք մը: Ան լուսարձակի տակ առած եւ արծարծած էր, շարունակ ծածկուած ու մէկդի դրուած նիւթ մըահաւոր նիւթ մը՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Եւ ամենայն արդարամտութեամբ, ողջմտութեամբ եւ տրամաբանութեամբ, ան մատը դրաւ վէրքին վրայ: Անոր համար կարելի չէր սպի կոչել վէրք մը, որուն դարմանը դժբախտաբար դեռ չէ կատարուած եւ այդ անարդարութեան արդիւնք, ցայսօր ցեղասպանութիւնները կը շարունակուին աշխարհի զանազան շրջաններէն ներս:

Յստակ էր Պապին պատգամը:

Իսկ արեւմտեանի լծակի վերածուած կարգ մը լրատուամիջոցներու վերլուծումներն ու հարցադրումները, թէ արդե՞օք Վատիկան ներողութիւն պիտի խնդրէ, յատուկ պատգամով մը, կը յիշեցնեն նոյնինքն Պապի նշած անցեալ դարաշրջանի այլ ողբերգութիւններէն՝ նացիական եւ համայնավարական կարգավիճակներու հակաքարոզչական անհիմն եւ անհեթեթ գործելաձեւը:

Պապին հրովարտակը յստակ էր:

Նոյնքան անտեղի պիտի ըլլայ, գործի լծուիլ եւ հակազդել յատկապէս Անգարայէն կատարուած արձագանգներուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ մամուլի ժխտական կեցուածքին:

Արդարեւ, դեռ անցեալ տարի անցեալ Պապին` Թուրքիա կատարած բարեկամական այցելութենէն ետք, այս յայտարարութիւնն ու դիրքորոշումը մեծ անակնկալ եղած է Անգարայի համար:

Բեմահարթակէն արտասանուած տպաւորիչ խօսքերը պիտի ձգեն իրենց արձագանգն ու հետքը:

Բիւրաւոր ամբոխ մը վայելեց այս եզակի օրը, ականջալուր ըլլալով օրուան պատարագին:

Ներկայ էր հայութեան ընտրանին, կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներէն մինչեւ պարզ հայորդին:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ալ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ: Հնչեց հայերէն պատարագն ու մեսրոպաշունչ լեզուն:

Հայածէս էր այդ օր Վատիկանը հայահոծ, նաե՛ւ հայախօս:

 

The post    ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒԽ… ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ appeared first on Hairenik Weekly Newspaper.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 8334

Trending Articles