Բարութիւններուն բացուած բառ

Լարինը որոշած է- այսօր դռներ պի­­­տի լու­­­սանկա­­­րէ՝ երե­­­ւանեան հին ու գե­­­ղատե­­­սիլ դռներ։

– Պա­­­րոն, այս լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րով դա­­­սարա­­­նի հա­­­մար մեծ պաս­­­տառ մը պի­­­տի պատ­­­րաստեմ։

Հա­­­ճելի է աշա­­­կեր­­­տա­­­­­­­կան խմբա­­­կով դուրս ել­­­լել ու ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւններ լու­­­սանկա­­­րել, երբ դեռ զով է օդը եւ դեռ հե­­­տիոտ­­­նե­­­­­­­րով չեն ողո­­­ղուած մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քի մայ­­­թե­­­­­­­րը։ Ըն­­­դունա­­­րանի պղնձեայ դու­­­ռը կը բա­­­ցուի ու կը յայտնո­­­ւի Փա­­­թիլը, ապա Տե­­­րեւը, Պեր­­­ճուհին, Ալի­­­քը, Վա­­­հէն եւ Լա­­­րան։ Վեր­­­ջինն է Վա­­­նան։ Չու­­­նի լու­­­սանկար­­­չա­­­­­­­կան գոր­­­ծիք։ Հա­­­ւատա­­­ցած է, թէ մար­­­դու աչքն է լա­­­ւագոյն ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ղը։ Աշա­­­կերտնե­­­րը նախ կ՚առաջ­­­նորդեմ Աբո­­­վեան պո­­­ղոտա­­­յի թիւ 8 շէն­­­քը։ Փայ­­­տա­­­­­­­փորագ­­­րութեան գլուխ գոր­­­ծոց մըն է այդ պատ­­­մա­­­­­­­կան շէն­­­քին դու­­­ռը։ Հիացիկ կը դի­­­տեն, կը լու­­­սանկա­­­րեն, ապա իրենք կը լու­­­սանկա­­­րուին այդ գե­­­ղաքան­­­դակ դրան հետ։ Ու, երբ ամէն ան­­­գամ դուռ մը յայտնո­­­ւի մեր առ­­­ջեւ, լայն կը բա­­­ցուի նաեւ «դուռ» բա­­­ռի պատ­­­մութիւ­­­նը։

Բա­­­ռիս գրա­­­բարեան ձեւն է «դուռն»։ Բնիկ բառ է։ Հնա­­­գոյն մա­­­տենագ­­­րութեան մէջ նշա­­­նակած է «լեռ­­­նանցք, պա­­­լատ, սպա­­­սաւոր, գիր­­­քի գլուխ»։ Ու­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ դրա­­­ցիներ, ինչպէս՝ յու­­­նա­­­­­­­րէն «թի­­­րա», հին վե­­­րին-գեր­­­մա­­­­­­­ներէն «տու­­­րի», լի­­­թուե­­­րէն եւ լեթ­­­թո­­­­­­­ներէն «դու­­­րիս», անգլե­­­րէն «դոոր»։ Երբ այս միավան­­­կը հաս­­­տա­­­­­­­տուե­­­ցաւ իր ծխնի­­­ներուն վրայ ու սկսաւ ազա­­­տօրէն պտը­­­տուիլ, հա­­­յոց մայ­­­րե­­­­­­­նին ալ սկսաւ ըն­­­դունիլ հիւ­­­րեր՝ նոր բա­­­ռեր, դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ եւ պատ­­­կե­­­­­­­րալից ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ նկա­­­տի ու­­­նինք։ Մեր գրա­­­ւոր «դուռ»ը առա­­­ջին ան­­­գամ բա­­­ցուեր ու բա­­­րու­­­թիւններ ըն­­­դուներ է Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի թարգմա­­­նու­­­թեան մէջ։ Հոն աւե­­­լի քան 700 ան­­­գամ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուեր է ան։ Բո­­­լորն ալ հե­­­տաքրքրա­­­կան են, կաս­­­կած չկայ, սա­­­կայն մէ­­­կը աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­յին է, ամե­­­նէն հե­­­ղինա­­­կաւո­­­րը, «Ես եմ դու­­­ռը»։ Յի­­­սուս Քրիս­­­տո­­­­­­­սի բեր­­­նով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած այս խօս­­­քը տեղ գտած է Յով­­­հաննու աւե­­­տարա­­­նին մէջ. «Ես եմ դուռն, ընդ իս եթէ ոք մտա­­­նիցէ, կեց­­­ցէ»։ Ապա, եկան երկփեղկ եւ եռա­­­փեղկ դռնե­­­րը նկա­­­րագ­­­րող ածա­­­կան­­­ներ- «եր­­­կը դռնա­­­նի», «եր­­­կը դուռ» եւ «եռա­­­դուռ»։ Անոնք յար­­­մար էին բեր­­­դեր, դղեակ­­­ներ եւ վան­­­քեր նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք նաեւ «եօթ­­­նա­­­­­­­դուռ» պա­­­րիսպներ եւ «բազ­­­մա­­­­­­­դուռ» մե­­­հեան­­­ներ։ Հայ­­­րե­­­­­­­նի բա­­­նաս­­­տեղծ Կա­­­րէն Մար­­­դա­­­­­­­նեանը, որ ծա­­­նօթ է Գար­­­մար գրչա­­­նու­­­նով, այդ վեր­­­ջի­­­­­­­նը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեց իր հո­­­գին նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար. «Հո­­­գուս բազ­­­մա­­­­­­­դուռ դա­­­րակ­­­նե­­­­­­­րում դեռ, լսո­­­ւում է ծա­­­նօթ եր­­­գե­­­­­­­րի եր­­­գը»։ Իսկ Ար­­­փիար Ար­­­փիարեանը «նա­­­խադուռ» բա­­­ռը յար­­­մար գտաւ սի­­­րոյ դռնե­­­րը բա­­­նալու հա­­­մար. «Ախոր­­­ժե­­­­­­­լը սի­­­րելու նա­­­խադուռն է»։ Ու­­­նե­­­­­­­ցանք երեք ըն­­­տիր բառ եւս՝ «դռնակ», «վեր­­­նա­­­­­­­դուռ» եւ «աղիւ­­­սա­­­­­­­դուռ»։

Կը մտնենք Պուշկի­­­նի փո­­­ղոցը, ուր կան 19-րդ դա­­­րու «ար-նու­­­վօ» ոճի քա­­­րաշէն բնա­­­կարան­­­ներ։ Անոնց դռնե­­­րը ու­­­նին ծաղ­­­կա­­­­­­­ւոր ոլո­­­րուն ոճա­­­ւորումներ։ Այդ դռնե­­­րը աշա­­­կերտնե­­­րուն կար­­­ծել կու տան ճամ­­­բորդած ըլ­­­լան Փա­­­րիզ կամ Պրիւքսէլ։

Մեր լե­­­զուի յա­­­ջորդ հիւ­­­րերն էին դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րը՝ մեր երե­­­ւակա­­­յու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­ցոլա­­­ցումնե­­­րը… Հնա­­­գոյննե­­­րէն մէկն է «դուռն փա­­­կելովք», որ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած է գաղտնի վե­­­հաժո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րու եւ հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րու հա­­­մար։ Իսկ հա­­­սարակ մար­­­դու հա­­­մար կա­­­րեւոր էր «դու­­­ռը բաց» բա­­­րեկամ­­­ներ ու­­­նե­­­­­­­նալ։ Բայց, եր­­­բեմն եկան ձա­­­խորդ օրե­­­րը եւ օգ­­­նութիւն խնդրե­­­լու հա­­­մար ծա­­­նօթին, ան­­­ծա­­­­­­­նօթին «դու­­­ռը ծե­­­ծեցինք» կամ՝ անոնց «դու­­­ռը գա­­­ցինք»։ Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը գի­­­տէր, թէ ինչպէ՚ս իր մայ­­­րը կեան­­­քի պայ­­­քար կու տար. «Եւ ի՞նչ դռներ է ծե­­­ծել, մայր իմ անուշ ու ան­­­գին», մինչ աշուղ Ճի­­­ւանին տխրօ­­­րէն եր­­­գեց, երբ դռնէ դուռ կ՚որո­­­նէր իր եարը.

«Պա­­­տահո­­­ղին հարց եմ տա­­­լիս քեզ հա­­­մար

Ամէն դուռ բա­­­խում եմ, դու այնտեղ չկաս»։

Դժբախտ ու դառն օրե­­­րուն մեր երե­­­սին «դու­­­ռը փա­­­կեցին»։ Սա­­­կայն, ազ­­­գո­­­­­­­վին հա­­­ւատա­­­ցինք թէ, եթէ դուռ մը գո­­­ցուի՝ մէկ այլ դուռ կը բա­­­ցուի։ Նկա­­­տեցինք նաեւ, թէ ամէն դուռ հա­­­ւասար չէ եւ հնա­­­րեցինք «դուռն ար­­­քունի» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը։ Իսկ վեր­­­ջիննե­­­րուս առ­­­ջեւ եւ անոնց հա­­­մար ծա­­­ռայող­­­նե­­­­­­­րը ու­­­նե­­­­­­­ցան ուղղա­­­հայեաց աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­ւորում՝ նախ «դռնա­­­պան», ապա՝ «դրան մարդ» եւ բարձրա­­­գոյ­­­նը՝ «դրան երէց»։ Իսկ երբ մա­­­համերձ էր մար­­­դը, մեր հի­­­ները շշնջա­­­ցին մէկ այլ դար­­­ձո­­­­­­­ւածք. «առ դուռս մա­­­հու»։ Հա­­­ւատա­­­ցինք նաեւ, թէ բո­­­լոր դռնե­­­րը փայ­­­տա­­­­­­­շէն, քա­­­րաշէն կամ պղնձեայ չեն ու կան վե­­­րացա­­­կան դռներ։ Սուրբ Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին նկա­­­րագ­­­րեց զա­­­նոնք. «գթու­­­թեան դուռն», «դուռն բարձրու­­­թեան», «փա­­­ռաց դուռն», «դուռն յու­­­սոյ», «դուռն ար­­­քա­­­­­­­յու­­­թեան», «դուռն երկնից», «դուռն բա­­­րու­­­թեան» եւ «դուռն ողոր­­­մութեան»։ Անոնց քով յի­­­շել կ՚ար­­­ժէ նաեւ սար­­­սա­­­­­­­փելին՝ «դժոխ­­­քի դռնե­­­րը»։

Մաշ­­­տոց պո­­­ղոտա­­­յի հիւ­­­սի­­­­­­­սային ծայ­­­րա­­­­­­­մասն ենք, կանգնած ենք այն շէն­­­քի առ­­­ջեւ, որ ճիշդ վաթ­­­սուն տա­­­րի առաջ իր դռնե­­­րը բա­­­ցաւ հայ­­­կա­­­­­­­կան ձե­­­ռագիր­­­նե­­­­­­­րու երկրպա­­­գու­­­նե­­­­­­­րուն առ­­­ջեւ։ Այո, Մա­­­տենա­­­դարանն է ան։ Դեռ փակ են անոր պղնձեայ, բարձրա­­­րուեստ հսկա­­­յական դռնե­­­րը։ Հիացիկ կը դի­­­տենք բա­­­րեմաս­­­նութիւննե­­­րը, երկրա­­­չափա­­­կան փո­­­րագ­­­րութիւննե­­­րը եւ կեդ­­­րո­­­­­­­նը զար­­­դա­­­­­­­րող յա­­­ւեր­­­ժութեան նշա­­­նը։ Երբ բո­­­լորը կը կշտա­­­նան լու­­­սանկա­­­րելէ, կը նստինք աս­­­տի­­­­­­­ճան­­­նե­­­­­­­րու վրայ ու կը դի­­­տենք մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը։ Սա լա­­­ւագոյն ժա­­­մանակն է զրու­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար հա­­­յոց պատ­­­մութեան յայտնի դռնե­­­րու մա­­­սին։ Առա­­­ջինը Ս. Էջ­­­միած­­­նի Մայր տա­­­ճարի դի­­­մաց կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած Տրդա­­­տի դուռն է։ Քա­­­նի մը օրէն պի­­­տի տես­­­նեն։ Յա­­­ջոր­­­դը՝ Տիգ­­­րա­­­­­­­նակեր­­­տի հիւ­­­սի­­­­­­­սային դուռն է, որ միջ­­­նա­­­­­­­դարուն «Հա­­­յոց դուռ» կը կո­­­չուէր, արաբ­­­նե­­­­­­­րուն «Պապ ալ-Ար­­­մա­­­­­­­նի» անո­­­ւանա­­­ծը, որ աւե­­­լի ուշ վե­­­րանո­­­ւանո­­­ւեր է՝ «Լե­­­ւոնի դուռ»։ Մեր պատ­­­մութեան մէջ երե­­­ւելի էր «Դուռն Կի­­­լիկիոյ» լեռ­­­նանցքը, ան, որ Կի­­­լիկիան կը կա­­­պէր հիւ­­­սի­­­­­­­սային երկրա­­­մասե­­­րու։ Հայ­­­կա­­­­­­­կան լեռ­­­նաշխար­­­հը ու­­­նե­­­­­­­ցեր է նաեւ վի­­­րահա­­­յոց գա­­­գաթ­­­նե­­­­­­­րու վրայ մէկ այլ լեռ­­­նանցք՝ «Գայ­­­լի դուռ»։ Կը յի­­­շենք նաեւ դուռ մը, որ քա­­­նի մը հա­­­րիւր տա­­­րի գրա­­­ւեց արեւմտա­­­հայ քա­­­ղաքա­­­կան կեան­­­քը՝ «Բարձր դուռ», Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան փո­­­խանո­­­ւանու­­­թիւնը։ Իսկ երե­­­խանե­­­րը կը հպար­­­տա­­­­­­­նան աւան­­­դազրոյ­­­ցը լսե­­­լով մէկ այլ դրան՝ «Մհե­­­րի դուռ», Վա­­­նայ բեր­­­դի մօտ այն սրբա­­­զան քա­­­րաժայ­­­ռը, ուրկէ դուրս պի­­­տի գայ Փոքր Մհե­­­րը եւ չար ոյ­­­ժե­­­­­­­րէն պի­­­տի ազա­­­տէ Հա­­­յոց աշ­­­խարհը։ Կը սկսինք Մաշ­­­տո­­­­­­­ցէն վար իջ­­­նել։ Կանգ կ՚առ­­­նենք Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցի տան առ­­­ջեւ։ Կը լու­­­սանկա­­­րենք դու­­­ռը, ուրկէ վեր­­­ջին ան­­­գամ 1936 թո­­­ւակա­­­նի տխրահռչակ մէկ օր, 39 տա­­­րեկա­­­նին դուրս ելաւ բա­­­նաս­­­տեղծը ու չվե­­­րադար­­­ձաւ։ Չա­­­րեն­­­ցը այն բա­­­նաս­­­տեղծն էր, որ տե­­­սած էր իր մա­­­հուան օրը՝ ու գրած.

Իմ մա­­­հուան օրը կ՚իջ­­­նի լռու­­­թիւն,

Ծանր կը նստի քա­­­ղաքի վրայ…

Լու­­­րը կը շրջի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րը նախ,

Ապա կը մտնի դուռ-դար­­­պա­­­­­­­սից ներս…

– Պա­­­րոն, կ՚ըսէ Փա­­­թիլը, ես երգ մը գի­­­տեմ «դուռ»ով, ու աղջնա­­­կը կը սկսի եր­­­գել, միւսնե­­­րը կ՚ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցին անոր՝ մեղ­­­մացնե­­­լով ծան­­­րա­­­­­­­ցած մթնո­­­լոր­­­տը.

Եր­­­բոր բա­­­ցուին դռներն յու­­­սոյ,

Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…

Վե­­­րադար­­­ձի ճամ­­­բուն վրայ, Եզ­­­նիկ Կող­­­բա­­­­­­­ցին եւ Տէ­­­րեանը ոսպնեակ­­­նե­­­­­­­րուն կը շնոր­­­հեն բազ­­­մա­­­­­­­թիւ նրբա­­­տեսք դռներ։ Իսկ Աբո­­­վեան երբ կը վե­­­րադառ­­­նանք, եզա­­­կի տե­­­սարան մը կը շո­­­յէ բո­­­լորն աչ­­­քե­­­­­­­րը- սո­­­վետա­­­կան շրջա­­­նի ար­­­դիական դրան մը ճա­­­կատին վրայ գնդա­­­կուած բա­­­նուոր­­­ներ։ Պտոյ­­­տի վեր­­­ջին դու­­­ռը պի­­­տի ըլ­­­լայ պան­­­դո­­­­­­­կին դրա­­­ցի Կա­­­թողի­­­կէ Սուրբ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին մա­­­տուռ-եկե­­­ղեց­­­ւոյ դու­­­ռը, երե­­­ւանեան դռնե­­­րուն ամե­­­նէն հա­­­մես­­­տը։ Զայն հան­­­դարտօ­­­րէն պի­­­տի դի­­­տեն նստա­­­րանի վրայ նստած ու պի­­­տի լսեն հայ քնա­­­րեր­­­գակնե­­­րու ստեղ­­­ծած մտա­­­ւոր դռնե­­­րը։ Հոն պի­­­տի յի­­­շենք Սա­­­հեանն ու Սիաման­­­թօն, Զահ­­­րատն ու Տէ­­­րեանը։ Իսկ վեր­­­ջա­­­­­­­ւորու­­­թեան երե­­­խանե­­­րը պի­­­տի լսեն գե­­­րի ին­­­կած գե­­­ղեց­­­կուհիի մը՝ Մշոյ Սուրբ Կա­­­րապետ վան­­­քի դրան ոդի­­­սակա­­­նը։